
Ստորագրուելէն երեք օր ետք, Հայաստանի կառավարութիւնը 3 Սեպտեմբերին հրապարակեց Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման կանոնակարգը (https://e-gov.am/sessions/ ): Ըստ այս փաստաթուղթին` Երեւան եւ Պաքու համաձայնած են սահմանազատումը իրականացնել 1991ի Ալմա Աթայի հռչակագիրին հիման վրայ, բայց այդ համաձայնութիւնը վերջնական չէ:
Կանոնակարգին մէջ կը նշուի, որ գործընթացը կրնայ հետագային` խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրելէ ետք, այլ սկզբունքներով ընթանայ:
«Եթէ հետագայում Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ադրբեջանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւնների հաստատման մասին համաձայնագրով նախատեսուեն այլ կարգաւորումներ, ապա տուեալ հիմնարար սկզբունքը կը համապատասխանեցուի վերը նշուած համաձայնագրով սահմանուած սկզբունքներին», կ՛ըսուի փաստաթուղթին մէջ:
Կանոնակարգը ունի 7 յօդուածներ. հիմնականին մէջ, անոնք գործընթացին վերաբերող թեքնիք տուեալներ են եւ ընդհանրական ձեւակերպումներ: Օրինակ՝ 4րդ յօդուածին մէջ կը նշուի սահմանագիծի ամէնէն բարենպաստ հնարաւորութեան մասին: Կամ, որ կողմերը կրնան դիտարկել սահմանամերձ բնակավայրերու ապահովութեան երաշխաւորումը, գերեզմանատուներու, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պահպանութեան, ճարտարագիտական, ուժանիւթի, երթեւեկի հաղորդակցութեան եւ այլ ենթակառուցուածքներու գործունէութեան ապահովման հարցը:
Կանոնակարգը տակաւին պէտք է ներկայացուի Սահմանադրական դատարանին, ապա քննարկման եւ վաւերացման դրուի Հայաստանի ու Ատրպէյճանի խորհրդարաններուն մէջ: Մինչ այդ` յառաջիկայ Հինգշաբթի անիկա ներառուած է կառավարութեան նիստի օրակարգին վրայ, բայց՝ չզեկուցուող հարցերու շարքին: