Քազանի (Ռուսիա) մէջ տեղի ունենալիք BRICS-ի վեհաժողովին Հայաստան պիտի մասնակցի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մակարդակով։ Այս տեղեկութիւնը «Ազատութեան» փոխանցեց վարչապետի բանբեր Նազելի Բաղդասարեան:
Նախօրէին արտաքին գործոց փոխնախարար Մնացական Սաֆարեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց Հայաստանի մասնակցութիւնը թէ՛ BRICS-ի եւ թէ ԱՊՀի ոչ-պաշտօնական վեհաժողովներուն, սակայն չէր նշած, թէ ի՛նչ մակարդակով:
BRICS-ի վեհաժողովը նախատեսուած է 22էն 24 Հոկտեմբերին: Անիկա միջազգային հարթակ մըն է, որուն անդամ պետութիւններու ղեկավարները կը հաւաքուին տարեկան վեհաժողովներուն եւ կը քննարկեն համաշխարհային եւ գործակցութեան հարցներ:
Վեհաժողովին պիտի մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ նախագահը: Աւելի կանուխ այդ մասին յայտնեց Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով: Տեղեկութիւնը հաստատեց թրքական «Հապերթիւրք» պատկերասփիւռի կայանը՝ վկայակոչելով Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի աշխատակազմին մէջ իր աղբիւրները:
«Պլումպըրգ»ը քանի մը օր առաջ յայտնած էր, որ Թուրքիա ամիսներ առաջ դիմեց BRICS-ին անդամակցելու համար: Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռեապքով հաստատեց, որ Հոկտեմբերին տեղի ունենալիք հաւաքին հրաւիրուած է նաեւ Իլհամ Ալիեւ: Պաքու տակաւին չէ հաստատած Ատրպէյճանի նախագահին մասնակցութիւնը: