
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնարկի (ABMDR) 25րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 25 Օգոստոսի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ, մասնակցութեամբ առաւել քան 300 համակիրներու, պետական եւ համայնքային կազմակերպութիւններու պաշտօնատարներու եւ ներկայացուցիչներու, որոնց շարքին էին Սերժ Թանգեան եւ Արաքսիա Կարապետեան։
Ելոյթ ունեցողներուն շարքին էին կազմակերպութեան երկար տարիներու աջակցող՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, որ Ծերակոյտէն գնահատագիր մը յանձնեց հիմնարկի նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընին։
Հիմնարկի նորագոյն իրագործումները եւ համայնքին կողմէ հիմնարկին ցուցաբերուած աջակցութիւնը լուսարձակի տակ առած եւ մեծարումներու առիթ տուած ձեռնարկին կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետներ Հիլտա Կուրտիկեան եւ Էյմի Պոյաճեան բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին հովանաւորներուն։
Ապա հայր Զաւէն Մարկոսեան կատարեց ձեռնարկին բացման աղօթքը։
Ձեռնարկին հանդիսավարն էր՝ հիմնարկի երկարամեայ համակիրներէն եւ Ամերիկահայ բժշկական միջազգային ընկերակցութեան նախագահ տոքթ. Վիգէն Սէֆիլեան, որ դրուատեց կեանքեր փրկող այս կազմակերպութեան բարեսիրական աշխատանքները, հիւանդներուն պայքարելու ոգին եւ նուիրատուներուն ցուցաբերած աջակցութիւնները: Ան նաեւ ներկայացուց ձեռնարկին պաշտօնական հիւրերը։
Այնուհետեւ կազմակերպութեան 25 տարիներու փրկարար ջանքերը լուսարձակի տակ առին ձեռնարկին գլխաւոր բանախօս տոքթ. Ֆրիտա Ճորտըն եւ հիմնարկի գործադիր վարիչ տոքթ. Սեւակ Աւագեան՝ ներկայացնելով Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ 1999ին հաստատուած հիմնարկին նորագոյն աշխատանքներուն եւ ապագայ ծրագիրներուն յատկանշական մանրամասնութիւնները:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ կազմակերպութեան երիտասարդական բաժանմունքը՝ NextGen-ը հիմնած Էրիք Մարգարեան՝ ներկայացնելով վերջին երկու տարիներու ընթացքին NextGen-ի տարած աշխատանքը՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի տարածքին։
Այս հանգրուանին, տեղի ունեցաւ հիմնարկին 25 տարիներու գործունէութեան մասին բեմադրիչ Կարէն Միրզայեանի պատրաստած վաւերագրական ֆիլմին ցուցադրութիւնը:
Տոքթ. Սէֆիլեան այնուհետեւ բեմ հրաւիրեց Արաքսիա Կարապետեանը, որ ներկայացուց կազմակերպութեան «Տեսլական» մրցանակին արժանացած Սերժ Թանգեանը, որ իր պատգամը տեսանիւթով մը ուղարկած էր տօնակատարութեան։
Ապա Արաքսիա Կարապետեան ներկայացուց նաեւ Good Day LA յայտագիրէն իր պաշտօնակից Ըմենտա Սալասը, որ Կարապետեանի հետ նշեալ յայտագիրէն լուսարձակի տակ առած էր կազմակերպութեան գործունէութիւնը։
Այնուհետեւ սկսան մեծարումները:
– «Ոգեւորման» մրցանակը յանձնուեցաւ հիմնարկին հիմնադրութեան դրդապատճառներէն մէկը եղած դոկտ. Ալիք Թօփալեանին, որ քաղցկեղը յաղթահարելէ ետք այժմ հիւանդներու ջատագովող եւ ուսումնասիրող մըն է Սինսինեթիի համալսարանին մէջ։
– «Տարուան ձեռնարկութիւնը» մրցանակը ստացաւ Comedy Store-էն Սեմ Թրիփոլի։
– «Տարուան կամաւոր» մրցանակը յանձնուեցաւ Մարալ Տէր Թորոսեանին եւ Գայիանէ Քոսթիքեանին։
– «Տարուան կինը» մրցանակին արժանացաւ Ռոզի Տիրեմսիզեան։
– «Տարուան տղամարդը» մրցանակը շնորհուեցաւ Արմոնտ Մեհտիխանիին։
– «Կեանքի մը իրագործումներ» մրցանակը շնորհուեցաւ Ստեփան Վարդանեանին։
– «Ժառանգութեան» մրցանակին արժանացաւ Տիանա Արթունեան։
Նշենք, որ Հուրի Սետլըր առաջնորդեց ձեռնարկին դրամահաւաքի բաժինը՝ Be an Angel, Save a Life-ը, մասնակցութեամբ հիմնարկին փոքրիկ «հրեշտակ»ներուն:
Ներկաները նաեւ վայելեցին Allen G-ի եւ անոր նուագախումբին կատարումները:
Յայտնենք, որ 1999ին հիմնուած հիմնարկը ցարդ ունի առաւել քան 33,500 նուիրատուներ 44 երկիրներէ, եւ ցարդ կատարուած ոսկրածուծի պատուաստումներով կրցած է փրկել 44 հիւանդներու կեանքերը:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը կամ դիմել (323) 663-3609 թիւին:
(Լուսանկարները՝ Arka Photography-էն)