Իրան կ՛ողջունէ Հարաւային Կովկասի մէջ երթեւեկի ուղիներու ապաշրջափակումը տարածաշրջանի երկիրներու ինքնիշխանութեան ծիրին մէջ եւ դէմ է միջազգային սահմաններու որեւէ փոփոխութեան։ Այս հաստատումը կատարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասէր Քանանի լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին՝ հաստատելով, որ այդ շրջանակը կրնայ նպաստել տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ամրապնդման։
«Մենք նաեւ յստակօրէն մեր անհամաձայնութիւնը կը յայտնենք միջազգային սահմաններու փոփոխութեան», ըսաւ ան։
Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի եւս Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ հանդիպումին ընթացքին դարձեալ շեշտեց Թեհրանի դիրքորոշումը` միջազգային սահմաններու անփոփոխելիութեան, աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութեան դէմ ըլլալուն եւ դրացիներու տարածքային ամբողջականութեան աջակցելուն վերաբերեալ: Այս մասին յայտնեցին Իրանի դեսպանատունէն։
Գրիգորեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան աջակցելու եւ միջազգային սահմաններու անփոփոխելիութեան մասին Իրանի դիրքորոշման համար եւ ընդգծեց, որ Հայաստանի եւ Իրանի սահմանը խաղաղութեան, բարեկամութեան եւ խաղաղ համակեցութեան սահման է:
Ան շեշտեց, որ Հայաստան յատուկ կարեւորութիւն կու տայ Իրանի հետ յարաբերութիւններուն, եւ որեւէ ուժ չի կրնար խզել Իրանի եւ Հայաստանի տարածքային կապը:
ԵՐԵՒԱՆ ԿԸ ԲԱՑԱՌԷ ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿՈՒՈՂ ՃԱՄԲՈՒՆ ՀՍԿՈՂՈՒԹԻՒՆԸ 3ՐԴ ՈՒԺԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԵԼԸ
Իրանի դեսպանատունէն նաեւ հաղորդեցին, որ Արմէն Գրիգորեան ընդգծեց, որ Հայաստանի տարածքին մէջ որեւէ ապաշրջափակում պիտի ըլլայ Հայաստանի ներքին կառոյցներու վերահսկողութեան եւ երկրի ազգային ու տարածքային գերիշխանութեան տակ, եւ որ Հայաստան դէմ է միջանցքի տրամաբանութեամբ որեւէ ապաշրջափակման:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւս խօսեցաւ այս մասին ՝ վստահեցնելով, որ Սիւնիքով Նախիջեւանը Ատրպէյճանին կապող ճամբուն վրայ 3րդ ուժերու ներկայութիւնը եւ վերահսկողութիւնը կը բացառուի եւ անընդունելի է Երեւանի համար:
«Որեւէ բան, որը ենթադրում է միջանցքի ստեղծում եւ դրա վերահսկողութեան յանձնում որեւէ այլ կողմի, չի քննարկւում: Մենք ասել ենք, որ Հայաստանի համար երրորդ ուժերի ներկայութիւնը եւ երրորդ ուժերի կողմից վերահսկողութիւնը բացառւում է, մեր համար դա անընդունելի է: Մեր դիրքորոշման մէջ ոչինչ չի փոխուել, խօսքը բոլորովին ուրիշ բանի մասին է: Իրականում, որպէսզի մարդկանց մօտ անվտանգութեան զգացողութիւնը մի աստիճանով էլ աւելանայ, մենք կարող ենք ներգրաւել: Սա քննարկուելիք տարբերակներից մէկն է միայն: Մենք կարող ենք ներգրաւել երկու երկրներում էլ, օրինակ, արտօնագրուած մի մասնաւոր պահնորդական ընկերութիւն, որը գնացքի վրայ, գնացքի մէջ կարող է ուղեկցել բեռները կամ ուղեւորներին, խօսքը սրա մասին է: Ենթադրուելիք ապաշրջափակուող ենթակառուցուածքի, տուեալ դէպքում երկաթուղու երկայնքով տեղակայուող ո՛չ պետական երրորդ կողմի, ո՛չ մասնաւոր ներկայութիւնը մեզ համար ընդունելի չի եղել եւ հիմա էլ չկայ», յայտարարեց Միրզոյեան:
Մինչ այդ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քանի մը օր առաջ ի՛նք չբացառեց ճամբաներու ապահովութեան լրացուցիչ գործառոյթներ կատարեն նաեւ Հայաստանի մէջ արձանագրուած մասնաւոր ընկերութիւնները: Ան նաեւ շեշտեց` հայկական կողմին այս ընկալումը դրական ընդունուած է թէ՛ Պաքուի, եւ թէ Մոսկուայի կողմէ:
Ապաշրջափակուող ճամբաներու հսկողութեան մէջ մասնաւոր կազմակերպութիւններու ներգրաւման հնարաւորութեան անդրադարձաւ նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան՝ վստահեցնելով, որ առայժմ կողմերուն միջեւ այդպիսի համաձայնութիւն չկայ:
«Ընդամէնը խօսակցութիւն է, նման համաձայնութիւն չկայ, առաջարկ է, քննարկւում է, եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ինքը կ՛որոշի, թէ ո՛ր տարբերակն է Հայաստանի Հանրապետութեանը ձեռնտու: Շնորհակալ եմ Իրանի անհանգստութեան համար, շնորհակալ եմ յայտարարութիւնների համար, մենք մշտապէս ապրում ենք այն տրամաբանութեամբ, որ հնարաւոր է յարձակում եւ հնարաւոր են քայլեր Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ», ըսաւ Սիմոնեան:
Վերջին 10 օրերուն ընթացքին Իրան պարբերաբար կը շեշտէ, թէ իրենք դէմ են, որ Սիւնիքով Նախիջեւանը Ատրպէյճանին կապող ճամբու վերահսկողութիւնը Հայաստանէն բացի որեւէ այլ կողմ ստանձնէ։ Այս մասին խօսեցաւ Իրանի դեսպանը` ընդգծելով, թէ «միջանցքի մասին ոմանց երազանքները երբեք իրականութիւն չեն կրնար դառնար»:
Իրանի խորհրդարանի փոխնախագահ Ալի Նիքզատ առաւել եւս հասցէագրեց՝ Մոսկուայի եւ Պաքուի յորդորելով յարգել Իրանի պետական սահմանները:
Աւելի՛ն, իրանեան առաջատար պարբերականը` Tehran Times-ը, վերջերս մատնանշեց, որ Իրանի իշխանութիւնները պատրաստ են ընդդիմանալու սահմանները փոխելու փորձերուն` նոյնիսկ ռազմական միջամտութեամբ: