4 Սեպտեմբերին, Մոնթրէալի մէջ իր մահկանացուն կնքեց ազգային-հասարակական գործիչ տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան:
1937ին Մուսա լեռ ծնած տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան անդամակցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, մաս կազմած է Մեծի Տան Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան եւ եղած է ատենապետը կաթողիկոսութեան Ընդհանուր ժողովներու: Ան երկար տարիներ անդամակցած է նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ նախագահած Մուսա լերան հերոսամարտի յոբելենական իրերայաջորդ յանձնախումբերու:
Վազգէն Տէր Գալուստեան հանրածանօթ էր նաեւ իբրեւ միջազգային համբաւի արժանացած բժիշկ եւ հեղինակութիւն էր բժշկական հետազօտութիւններու մարզին մէջ:
անգուցեալ բժիշկ Տէր Գալուստեանի ազգային թաղումը պիտի կատարուի Երկուշաբթի,16 Սեպտեմբեր 2024ին, Սուրբ Յակոբ առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Մոնթրէալ:
Զանազան կառոյցներ գուժեցին եւ ցաւակցեցան տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեանի մահը: Ստորեւ՝ տոքթ. Գալուստեանի կենսագրական գիծերը պարունակող Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ցաւակցագիրը.
Համազգայինի Գանատայի կառոյցը` Շրջանային վարչութեամբ եւ չորս մասնաճիւղերով կը գուժէ մահը Քեպեքի «Սանահին» մասնաճիւղի վաստակաշատ անդամ տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեանի, որ պատահեցաւ 4 Սեպտեմբեր 2024ին, Մոնթրէալի մէջ։ Տոքթ. Տէր Գալուստեան ծնած է Անտիոք 1937ին, զաւակն էր Մուսա լերան հերոսամարտի գլխաւոր հերոս, Սուրիոյ եւ Լիբանանի խորհրդարանի անդամ եւ Այնճար հայաւանի հիմնադիր Մովսէս Տէր Գալուստեանի։ Համազգայինի հետ իր կապն ու սէրը կու գայ մօրենական մեծ հօրմէն, Եգիպտոսի մէջ Համազգայինի հիմնադիր անդամներէն Մինաս Խաչատուրեանէն։
Ան աւարտած է Պէյրութի Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը, ապա Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկութեան բաժինը։ Ան իր ուսումը շարունակած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր ստացած է մագիստրոսի եւ բժշկական դոկտորականի իր կոչումները։ Տոքթ. Տէր Գալուստեան երկարամեայ աշխոյժ գործունէութիւն եւ մեծ վաստակ ունեցած է Համազգայինի շարքերուն մէջ։
Ան եղած է Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ ատենապետ, ինչպէս նաեւ հիմնադիր անդամ` Հայաստանի մէջ Համազգայինի գրասենեակին։
Մանկաբոյժ եւ ծինաբանական հիւանդութիւններու մասնագէտ, տոքթ. Տէր Գալուստեան մեծ վաստակ ունեցած է նաեւ Գանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու առողջապահական ոլորտին մէջ եւ հեղինակած է բազմաթիւ ուսումնասիրական հրատարակութիւններ։ 2009ին ան արժանացած է Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան շքանշանին, հայ հանրային կեանքին եւ յատկապէս՝ Համազգայինի ծիրին մէջ իր նուիրեալ աշխատանքին համար. արժանացած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանին եւ բազմաթիւ այլ բժշկական մրցանակներու։
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք անոր այրիին՝ տիկ. Լենա Սեթեանին, անոր երկու դուստրերուն՝ Սարինին եւ Տարիային, ինչպէս նաեւ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն։
Թէեւ ընկերոջ կորուստը մեծ է, սակայն իր ետին թողած վաստակը եւ յիշատակը պիտի շարունակեն մեզի եւ ապագայ սերունդներուն համար մնալ ներշնչման աղբիւր` հետեւելու իր օրինակին, ու կուռ կամքով շարունակելու իր գործը։
Լոյս` մեր աւագ ընկերոջ հոգիին։