Հայաստանի սպառազինութեան քաղաքականութեան շարունակութիւնը լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ Հարաւային Կովկասի կայունութեան համար, յայտարարեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով` Պաթումի մէջ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպումին արդիւնքներուն մասին խօսելու ընթացքին:
Ան նշեց, որ Ատրպէյճան շահագրգռուած է շրջանային հարցերը տարածաշրջանի երկիրներուն հետ լուծելով:
«Հայաստանի սպառազինութիւնը ապագային կրնայ վտանգի աղբիւր դառնալ ոչ միայն Ատրպէյճանի, այլ նաեւ ամբողջ տարածաշրջանին համար», յայտնեց Հասանով։