
Չորեքշաբթի, 11 Սեպտեմբերին, Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արքեպիսկոպոսը, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արքեպիսկոպոս եւ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արքեպիսկոպոսը Նիւ Եորքի Ազգային առաջնորդարանին մէջ գումարեցին հերթական ժողով մը:
Անուշաւան ու Բաբգէն արքեպիսկոպոսները առաջին հերթին շնորհաւորեցին Գեղամ արքեպիսկոպոսը Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուելուն առիթով եւ բարի երթ մաղթեցին անոր առաքելութեան:
Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու եկեղեցական, կրօնական եւ երեք թեմերը յուզող հոգեմտաւոր աշխատանքներու առաւել զարգացման, ինչպէս նաեւ հայութեան դիմագրաւած ընդհանրական մարտահրաւէրներու շուրջ:
Բացման աղօթքէն եւ 11 Սեպտեմբեր 2001ի զոհերու յիշատակին նուիրուած «Հոգւոց»էն ետք, սրբազան հայրերը հեռաձայնային կապ հաստատեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ: Վեհափառը բարձրօրէն գնահատեց սրբազան հայրերուն ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը ի տես Սուրբ Աթոռին եւ թեմերու համագործակցութեան: Իր կարգին ան յիշեցուց, որ իւրաքանչիւր թեմի մէջ ծուխերու հզօրացումը եւ առաւելագոյն չափով մարդուժի ներգրաւումը պէտք է սեւեռակէտ ըլլան հաւաքական աշխատանքներուն: Այնուհետեւ, հայրապետը յաջողութիւն մաղթեց ժողովական հայրերուն:


Առ այդ, առաջնորդ սրբազան հայրերը խորհրդակցաբար որոշեցին.
Ա. Մարդուժի ցանկագրման եւ կազմակերպման աշխատանքային ծրագիրը առաւել եւս աշխուժացնել:
Բ. Վերատեսութեան ենթարկել հոգեւորականաց Ուղեցոյցը, որ կ՛ընդգրկէ ծիսական, խորհրդակատարական, կարգապահական եւ յարաբերական կեանքի բազմազան երեսներ:
Գ. Թեմերու դաստիարակչական եւ հրատարակչական ծրագիրներու փոխանակում ու օգտագործում:
Դ. Ֆրանսահայ մասնագէտի մը առաջադրած «Միասին» յարաբերական եւ ընկերային հարթակի որդեգրման եւ տարածման քաջալեր հանդիսանալ, կատարելով ներդրումներ ծրագիրին յաջողութեան համար:
Ե. Նիկիոյ Տիեզերական ժողովի 1700ամեակին առիթով յատուկ ծրագիրներ եւ ձեռնարկներ կազմակերպել:
Զ. 2025ին յատուկ հանդիսութիւններով տօնախմբել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ՝ Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան երեսնամեակը:
Է. Շարունակել լիբանանահայ եւ սուրիահայ վարժարաններու զօրակցութիւնը:
Առաջնորդ սրբազան հայրերը, ժողովէն բխած այս որոշումները ըստ կարելւոյն կեանքի կոչելով՝ կը յուսան Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը վերարժեւորել հայ կեանքին մէջ ի փառս Աստուծոյ:
Երեք առաջնորդները որոշեցին յառաջիկային հերթական ժողովները շարունակել:
Ժողովէն անմիջապէս ետք, թեմակալ առաջնորդները մասնակցեցան Նիւ Եորքի Յոյն ուղղափառ Սուրբ Նիկողոս եկեղեցւոյ մէջ 11 Սեպտեմբերի ահաբեկչական արարքին զոհ գացած անմեղներու յիշատակին նուիրուած արարողութեան:
Ներկայ էին բարձրաստիճան եկեղեցականներ, զինուորականներ, ընտանիքի անդամներ: Սրբազան հայրերը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեցին Հիւսիսային Ամերիկայի Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մետրոպոլիտ Էլփիտոֆորոս արքեպիսկոպոսին, որ կազմակերպած էր յիշատակի արարողութիւնը:
Այս առթիւ, Գեղամ արքեպիսկոպոսը Էլփիտոֆորոս արքեպիսկոպոսին նուիրեց Յունաստանի Սուրբ Սինոտի պաշտօնական հրամանագիրով Արամ Ա. կաթողիկոսին The Armenian Church հատորի յունարէն թարգմանութեան նորատիպ օրինակը:
Տեղին է յիշել, որ Սուրբ Սինոտին այս որոշումը աննախընթաց է, ինչ որ ցոյց կու տայ նորին սրբութեան հանդէպ իրենց տածած բացառիկ վերաբերմունքը միջեկեղեցական յարաբերութիւններու ծիրին մէջ անոր տարած անխոնջ աշխատանքներուն նկատմամբ:
ԴԻՒԱՆՆԵՐ
ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
ՈՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆՆԵՐՈՒ