
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Քոնկրեսի Թամ Լանթոսի անուան Մարդկային իրաւանց յանձնաժողովը 19 Սեպտեմբերին պիտի իրականացնէ քննարկում մը՝ Արցախի մէջ Ատրպէյճանի գործադրած ցեղային զտման եւ արցախահայութեան դէմ մարդկային իրաւանց խախտումներու մասին։ Յանձնախումբը պիտի քննարկէ նաեւ Ատրպէյճանի կառավարութեան հակադրուելու պատճառով բռնաճնշումներու զոհ դարձած ատրպէյճանցիներուն հարցը։
Քննարկումը նախաձեռնութիւնն է յանձնաժողովի համաատենապետներ՝ քոնկրեսականներ Քրիս Սմիթի եւ Ճէյմզ ՄըքԿավըրնի։
Յանձնաժողովին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը.
«Ատրպէյճանի կառավարութիւնը մարդկային իրաւանց ոլորտին մէջ վատ ցուցանիշ ունի: Ըստ Freedom House-ի՝ Ատրպէյճանի բռնատէր իշխանութիւնը կը շարունակէ կեդրոնացուած մնալ Իլհամ Ալիեւի եւ անոր բազմանդամ ընտանիքին ձեռքը. Իլհամ Ալիեւ նախագահի պաշտօնը կը վարէ 2003էն ի վեր։ Ատրպէյճանի մէջ կաշառակերութիւնը համատարած է, իսկ քաղաքական ընդդիմութիւնը տկարացած՝ տարիներէ ի վեր շարունակուող հալածանքներու պատճառով: Իշխանութիւնները վերջին տարիներուն լայնածաւալ ոտնձգութիւններ ունեցած են քաղաքացիներու ազատութիւններուն դէմ»։
Յանձնաժողովը կը յիշեցնէ, թէ՝ երբ Սեպտեմբեր 2023ին Ատրպէյճանի կառավարութիւնը ռազմական գործողութեան ձեռնարկեց՝ Արցախի վրայ ամբողջական վերահսկողութիւն հաստատելու նպատակով, կղզիացած տարածքին մէջ գտնուող հայերուն համար կացութիւնը կտրուկ կերպով վատթարացաւ եւ տեղւոյն հայութիւնը ապաստանեցաւ Հայաստան։
Պիտի քննարկուին ակնյայտ ցեղային զտումները եւ այդ հարցին վերաբերեալ շարք մը նիւթեր, ներառեալ՝ գերիներու, քաղաքական բանտարկեալներու եւ հայկական մշակութային վայրերու իրավիճակը՝ Արցախ մէջ, ինչպէս նաեւ հայերու վերադարձի իրաւունքը:
Քննարկումներուն ընթացքին, Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, միջազգային հարցերու իրաւաբան Գառնիկ Քերքոնեան եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան Crude Accountability կազմակերպութեան հիմնադիր Քէյթ Ուոթըրզ վկայութիւններ պիտի տան։