
Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան եւ թեմի Ազգային իշխանութիւնները գուժեցին մահը ազգային բարերար եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Իշխան»ի կարգի շքանշանակիր Երջօ Սամուէլեանի, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, 16 Սեպտեմբեր 2024ին:
Հանգուցեալի ազգային թաղման կարգը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 19 Սեպտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ: