Պաքուի մէջ գումարուած Ապահովական համաժողովին ընթացքին Թուրքիոյ հետախուզական ծառայութեան ղեկավար Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութիւնը պիտի նպաստէ «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման, որ, իր կարգին, ուղիղ երթեւեկի հաղորդակցութեան կապ պիտի ապահովէ Ատրպէյճանէն Եւրոպա` Թուրքիոյ տարածքով։
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, վկայակոչելով թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը՝ կը նշեն, որ, ըստ Քալընի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը առաջին հերթին պիտի ապահովէ ամբողջ հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի զարգացումը: