Թրքական լրատուամիջոցները կը տեղեկացնեն, որ Նիւ Եորքի մէջ կ՛ակնկալուի Հայաստանի ու Թուրքիոյ ղեկավարներուն հանդիպումը։
Ըստ այդ հրապարակումներուն` երկու երկիրներու ղեկավարներուն հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Մենհեթընի Թուրքիոյ պատկանող Թուրքիոյ տան մէջ:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռեճեփ Թայիփ էրտողան Նիւ Եորքի մէջ կը մասնակցին ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 79րդ նստաշրջանին:
Նախքան հաւանական հանդիպումը Էրտողան արդէն խօսած է Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մասին:
Միացեալ Նահանգներու վերլուծական կեդրոններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին ընթացքին Էրտողան յայտարարեց, թէ Ատրպէյճան եւ Հայաստան Հարաւային Կովկասի մէջ մնայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու կարելիութիւնը ունին:
Ըստ անոր՝ Թուրքիոյ սկզբունքային դիրքորոշումը տարակարծութիւններու վերացման, խաղաղութեան եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու ամրապնդման նպաստել է:
«Մենք կարեւոր կը նկատենք պետութիւններու գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն նկատմամբ յարգանքը», ըսաւ Էրտողան։
Փաշինեան-Էրտողան հաւանական հանդիպման մասին հայկական կողմը տակաւին ոչինչ յայտնած է: