Յորդանանի թագաւորական շարժապատկերի յանձնաժողովը բեմադրիչ Սարին Հայրապետեանի՝ Արցախի եւ արցախցիներուն մասին պատմող «Իմ Քաղցր Երկիրը» վաւերագրական ժապաւէնը երկրին կողմէ ընտրեց՝ զայն ներկայացնելու համար «Օսքար»ի 97րդ մրցանակաբաշխութեան «Լաւագոյն միջազգային ժապաւէն» անուանակարգին մէջ իբրեւ թեկնածու: Այս մասին կը յայտնէ հոլիվուտեան «Տետլայն» (Deadline) թերթը:
Ժապաւէնը կը պատմէ 11ամեայ Վրէժին մասին, որ կ՛երազէ ատամնաբոյժ դառնալ Արցախի իր գիւղին մէջ: Երբ պատերազմը դարձեալ կը բռնկի. Վրէժը ընտանիքին հետ կը փախչի, իսկ պատերազմին աւարտէն ետք, կը վերադառնայ, բայց իր արդէն քանդուած հայրենիքը: Վրէժը նոր փորձութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուի. ան ստիպուած պիտի ըլլայ պատրաստուելու նոր ռազմական գործողութիւններու եւ պայքարելու ծանր հոգեխոցերու դէմ:
«Տետլայն»ը կը նշէ, որ ասիկա յորդանանահայ բեմադրիչին միակ յաջող ժապաւէնը չէ: Անոր նախորդ՝ «Մենք Դեռ Աւարտած Չենք» ժապաւէնը շարք մը հեղինակաւոր մրցանակներու արժանացած է: Իսկ «Իմ Քաղցր Երկիրը» ժապաւէնը, որուն անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ այս տարուան սկիզբը Sheffield DocFest-ին մէջ, եւ որ ցուցադրուեցաւ նաեւ Ամմանի միջազգային շարժապատկերի փառատօնին, արժանացաւ դատական կազմի մրցանակին՝ իբրեւ լաւագոյն երկար վաւերագրական ժապաւէն, ինչպէս նաեւ FIPRESCI՝ շարժապատկերի քննադատները եւ մասնագէտները միաւորող միջազգային դաշնակցութեան մրցանակին՝ իբրեւ լաւագոյն երկար վաւերագրական ժապաւէն: