

Շաբաթ, 28 Սեպտեմբերին, Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ Միւռոնօրհնէքի արարողութիւնը, իսկ Կիրակի, 29 Սեպտեմբերին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայութեան կատարուեցաւ Ս. Էջմիածինի մայր տաճարի վերաօծումը:
Մայր տաճարի վերաօծման արարողութեան ընթացքին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ըսաւ հետեւեալը. «Պատմական անբեկանելի ճշմարտութիւն է` մարտնչել Սուրբ Էջմիածնի դէմ նշանակում է մարտնչել հայոց ինքնութեան եւ գոյութեան դէմ, հարուած հասցնել հայոց պետականութեանը եւ հայ կեանքը պարպել ազգային ու հոգեւոր բովանդակութիւնից»:
Գարեգին Բ. կաթողիկոսը իր պատգամը ուղղեց վարչապետին ներկայութեան` առանց յստակութիւններու, թէ որո՛ւն ուղղուած է իր յայտարարութիւնը:
«Սուրբ Էջմիածնի առաքելութիւնը արժեզրկելու որեւէ քայլ նշանակում է փորձել տկարացնել մեր ազգին, խարխլել հիմքերը անկախ ու ինքնիշխան կեանքի, որի ջատագովն ու պաշտպանն է հայոց եկեղեցին: Սուրբ Էջմիածնի հանդէպ աշխարհասփիւռ հայութեան որդիական ջերմ սիրով ու նախանձախնդրութեամբ է ամուր մեր հայրենիքը, զօրեղ եւ անկոտրում` միաբանութիւնը մեր ժողովրդի», ընդգծեց կաթողիկոսը:


Վեհափառը նաեւ յորդորեց` «զերծ պահենք մեր պատմութիւնը կեղծիքներից ու խեղումներից»:
Միւռոնօրհնութեան արարողութեան ընթացքին, կաթողիկոսը կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան եւ հայ առաքելական եկեղեցւոյ քոյր եկեղեցիներուն՝ զսպելու Ատրպէյճանի ծաւալապաշտական նկրտումները եւ փորձելու վերադարձնել այնտեղ բանտարկուած Արցախի բարձրագոյն իշխանութեան ներկայացուցիչները: Ան նաեւ շեշտեց, որ պէտք է ճնշել Պաքուի ծաւալապաշտական նկրտումները, այնպէս ընել, որ Ատրպէյճան վերադարձնէ Հայաստանի գերիշխան տարածքէն գրաւուած հատուածները, ինչպէս նաեւ ուշադրութիւն դարձուի Արցախի հայկական ժառանգութեան պահպանման եւ արցախահայութեան իրաւունքներուն:
30 Սեպտեմբերին, Գարեգին Բ.ի նախագահութեամբ, վեհարանին մէջ տեղի ունեցաւ նորօրհնեալ Սրբալոյս Միւռոնի բաշխման արարողութիւնը:
Կաթողիկոսը Սուրբ Միւռոնով լեցուն անօթները փոխանցեց Պոլսոյ Հայոց Սահակ պատրիարքին, Մեծի Տանն Կիրլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան ներկայացուցիչներուն եւ արարողութեան մասնակցող թեմակալ առաջնորդներուն: