
Շաբաթ, 28 Սեպտեմբերի յետմիջօրէին, Նորթ Հոլիվուտի համայնքային կեանքը ապրեցաւ յատկանշական խանդավառութիւն մը, երբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ տեղւոյն Ս. Գէորգ եկեղեցի, մատուցեց Ս. պատարագ, քարոզեց, մատաղի օրհնութիւն կատարեց եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով օրհնեց ներկաները, շնորհաւորեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը եւ բոլոր Գէորգները ու հայրական իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց իւրաքանչիւրին, միաժամանակ կոչ ընելով՝ միասնական ջանքերով աշխատանք տանելու՝ համայնքային ներքին կեանքի առաւել աշխուժացման եւ բարգաւաճման ի նպաստ:
Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արսէն քհնյ. Գասապեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներէն Մովսէս քհնյ. Շաննագեան, սարկաւագներ ու դպիրներ, իսկ եկեղեցւոյ երգեցիկ խումբին հիւրաբար միացաւ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դպրաց դասը՝ ղեկավարութեամբ Երուանդ սրկ. Քէշիշեանի: Արարողութեան ներկայ եղան Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան եւ տիկինը՝ Յասմիկը, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ ընտանիքը եւ շրջանի հայութեան հաւատացեալ զաւակներէն բազմութիւն մը:


Սրբազանը իր քարոզը կառուցեց՝ իբրեւ բնաբան վերցնելով հայկական շարականի մը հետեւեալ բառերը. «Ո՜վ Սուրբ Գէորգ, մարդկային ցեղի պարծանք Սուրբ Հոգիի զէնքով զինուեցար, արիաբար յաղթեցիր անմարմին Բելիարին», դիտել տալով, որ սուրբերու փաղանգին մէջ կան նաեւ ձիաւոր սուրբեր, որոնք բարձրաստիճան զինուորականներ եղած են, մէկը անոնցմէ՝ Ս. Գէորգը, որ արդէն ունէր դիրք եւ կը վայելէր հարստութիւն ու փառք, բայց երբ ընդունեց քրիստոնէութիւնը եւ ճանչցաւ յաւիտենական արժէքը, ճշմարտութիւնն ու լոյսը, մտաւ Քրիստոսի ճամբուն մէջ եւ պայքարեցաւ չարին դէմ մինչեւ նահատակութիւն:
Շարունակելով, ան նաեւ դիտել տուաւ, որ քրիստոնեայ աշխարհը մինչեւ այսօր կը տօնէ Ս. Գէորգ զօրավար սուրբին յիշատակը, որովհետեւ անոր կեանքը եղաւ սրբութեան օրինակ, ուր Աստուծոյ նկատմամբ խոնարհութիւն եւ համեստութիւն կայ, մարդկութեան նկատմամբ՝ սէր ու նուիրում եւ թէ սուրբերը իրենց կենցաղով եղան Աստուծոյ կամքը կատարողներ եւ իրենց հաւատքին մէջ յարատեւողներ, որոնք նաեւ շատ սիրուեցան մարդոցմէ: Այս է պատճառը, որ մարդիկ ունին իրենց նախընտրած սուրբերը, որոնց անունը կը կանչեն մա՛նաւանդ երբ իրենց կեանքին մէջ որեւէ տեսակի դժուարութիւններու կամ մարտահրաւէրներու դիմաց կը կանգնին. այս սուրբերը նաեւ օգնութեան կարիք ունեցողներուն օժանդակող ընկերակիցներ են եւ մարդոց մէջ յարատեւ հաւատք ու անկոտրում կամք կը դարբնեն, աւելցուց առաջնորդը:


Քարոզի աւարտին, տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան, ի պատիւ առաջնորդին: Սրտի ու շնորհաւորական խօսքերու աւարտին, Գեղամ արքեպիսկոպոսը եկեղեցւոյ ընտանիքին կողմէ պանակէ մը նուէր ստացաւ:
Յայտնենք նաեւ, որ նախքան Ս. պատարագը, սրբազանը տեսակցութիւն ունեցաւ եկեղեցի այցելած քաղդէացի (քլտանի) Էմմանուէլ եպիսկոպոսին հետ: