Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը անհիմն նկատեց «կողմնակալութեան» եւ «սադրանքներ նախապատրաստելու»` Պաքուի վերջին օրերու մեղադրանքները:
«Մենք տարածքին մէջ կանոնաւոր պարեկութիւն կը կատարենք` հետեւելով մեր գործունէութեան ընթացակարգերուն: Պարեկութեան ընթացքին արտառոց ոչ մէկ բան արձանագրուեցաւ», «Ազատութեան» յայտնեց առաքելութեան բանբեր Աննա Փալմեն:
8 Հոկտեմբերին, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հետ կապ ունեցող «Քալիպեր» լրատուամիջոցը հեռադիտակով պարեկութիւն իրականացնող դիտորդներու պատկերներ հրապարակեց եւ պնդեց, թէ անոնք «յատուկ սարքի մը միջոցով կը հսկեն Ատրպէյճանի տարածքը»: Աւելի՛ն` լրատուամիջոցը կասկածի տակ դրաւ դիտորդներուն անաչառութիւնը, նաեւ պնդեց, որ «կարծես թէ սադրանք կը նախապատրաստուի»:
«Անկողմնակալութիւնը մեր հիմնական սկզբունքն է եւ անիկա յստակօրէն ամրագրուած է մեր լիազօրութեան մէջ», շեշտեց Եւրոպական Միութեան անզէն քաղաքացիական առաքելութիւնը: