Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Ղազախստանի նախագահ Քասիմ Ժոմարթ Թոքաեւի հետ: Անոնք քննարկեցին յարաբերութիւններու երկկողմ եւ տարածաշրջանային օրակարգի հարցեր:
Փաշինեան բարձր գնահատեց Ղազախստանի նախագահին Ապրիլ 2024ին Հայաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան արդիւնքները եւ ընդգծեց այցելութեան իբրեւ արդիւնք Հայաստանի եւ Ղազախստանի յարաբերութիւններուն մէջ նոր աշխուժութիւնը:
Զրուցակիցները խօսեցան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ղազախստան տալիք պաշտօնական այցելութեան մասին։