
Կազմակերպութեամբ AGBU Arts-ի, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԲԸՄի եւ Հայաստանի շարժապատկերի հաստատութեան եւ Սերկէյ Փարաճանովի ու հայկական շարժապատկերի ծնունդներուն 100ամեակին առիթով, 23 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ Փարաճանովի «Յակոբ Յովնաթանեան » (1967) եւ Համօ Բեկնազարեանի «Շոր Եւ Շորշոր» (1927) ֆիլմերուն ցուցադրութիւնը, Փասատինայի ՀԲԸՄի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» կեդրոնին մէջ (2485 E. Mountain St Pasadena, CA 91104)։
Ֆիլմերուն իր թաւջութակի երաժշտութեամբ պիտի ընկերակցի Արթիոմ Մանուկեան։
Մասնակցութեան սակը 30 տոլար է։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքէջը։