Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները, որոնք այսօր արդէն ընդլայնուած են եւ կը ներառեն նաեւ ապահովութեան ոլորտը, երբեք այսքան ամուր չեն եղած։ 15 Հոկտեմբերին Փրակայի մէջ յայտարարեց Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան։
Չեխիայի մէջ ընթացող «Ֆորում 2000» համագումարին ԱԽ քարտուղարը շեշտեց, որ նկատի առնելով յարաբերութիւնները զարգացնելու Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան երկկողմանի փափաքը՝ անոնք կայուն բարգաւաճման միտում ունին:
Գրիգորեան ընդգծեց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան նոր օրակարգին, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութեան վիզայի ազատականացման հարցով մեկնարկած պաշտօնական երկխօսութեան, Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան եւ խաղաղութեան եւրոպական գործիքակազմի ծիրին մէջ տարուող աշխատանքին կարեւորութիւնը: