Պաքուի դատարանը բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի բանտարկութեան ժամկէտը երկարաձգեց։ Լուրը փոխանցեց «Սփութնիք» գործակալութեան ատրպէյճանական ծառայութիւնը:
Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը քրէական գործեր յարուցած է Սեպտեմբեր 2023ին, Ատրպէյճանի՝ Արցախի Հանրապետութեան վրայ յարձակումին պատճառով ապօրինաբար բանտարկուած եւ Պաքու տարուած բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն նկատմամբ: Անոնց դէմ մեղադրանք առաջադրուած է «ահաբեկչութեան, ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման, օրէնքով չնախատեսուած զինուած կազմաւորումներ ու խմբաւորումներ հիմնելու եւ ահաբեկչութեան նպատակով վարժութիւններ իրականացնելու» մէջ:
Այժմ, Պաքուի մէջ ապօրինի բանտարկուած կը պահուին նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան եւ Արայիկ Յարութիւնեան, Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան, արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեան, պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեան, նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան եւ բանակի նախկին պետ Դաւիթ Մանուկեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.