«Հըզպալլա»ն շարունակեց Իսրայէլի բնակեցման վայրերու, բանակային դիրքերու եւ քաղաքներու վրայ հրթիռարձակումները: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ մեծ թիւով հրթիռներ ինկած են Քիրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրին մէջ: Հրթիռակոծուեցան նաեւ Ռուէյսաթ Ալամի դիրքը, Հայֆան, Աքքան եւ Գալիլիոյ մէջ բազմաթիւ շրջաններ:
Կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ Լապպունա բարձունքին վրայ հարուածած է իսրայէլեան 2 «Մերքաւա» տեսակի հրասայլեր, որոնք հրկիզուած են, իսկ անոնց անձնակազմի անդամները սպաննուած են կամ՝ վիրաւորուած:
«Արապի» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ «Հըզպալլա»ի եւ իսրայէլեան բանակին միջեւ «բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան Այթա Շաապ-Ռամիա-Քաուզահ եռանկիւնին մէջ»:
Իսրայէլեան բանակը բազմաթիւ գիւղերու մէջ որոշ շէնքեր դատարկելու շտապ զգուշացումներ յղելէ ետք, զանոնք օդային յարձակումներու ենթարկեց: Այսպէս, օդային յարձակումներ գործուեցան Պեքաայի Թըմնին Ֆաուքա, Սըրհին Թահթա, Սըֆրի գիւղերուն, հարաւային Լիբանանի Թէյր Տըպպա գիւղին եւ Սուր քաղաքի Հաուշ ու Պըրժ Շիմալի շրջաններուն վրայ:
«Նաշրա»ն հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդուժը յարձակումներ գործած է Հերմելի մօտ Լիբանանը Սուրիոյ կապող սահմանին վրայ:
Միւս կողմէ, Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ ՄԱԿի խաղաղապահ ուժին մաս կազմող գերմանական մարտանաւ մը վնասազերծած է Լիբանանի ծովեզերքին մօտ թռիչք կատարող անծանօթ անօդաչու թռչող սարք մը, որ ինկած է ջուրին մէջ: