Եմէնի մէջ, հուսիներու լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Հինգշաբթի օր, ամերիկեան եւ բրիտանական 9 օդային յարձակումներ կատարուեցան մայրաքաղաք Սանաայի հիւսիսը եւ հարաւը, ինչպէս նաեւ Սաատա քաղաքի արեւելքը գտնուող Քահլան եւ Աալիլա շրջանները:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին յայտնեց, որ ամերիկեան օդուժը ճշգրիտ հարուածներ հասցուցած է Եմէնի մէջ հուսիներու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ զէնքերու ընդյատակեայ 5 պահեստանոցներու: Ան աւելցուց, որ հարուածուած են նաեւ վայրեր, որոնք հուսիները օգտագործած են յարձակելու համար Կարմիր ծովուն մէջ նաւարկող նաւերուն վրայ` ընդգծելով, որ Ուաշինկթըն պիտի չտատամսի հուսիներու յարձակումները զսպելու:
Օսթին ըսաւ, որ յարձակումները կատարուեցան նախագահ Ճօ Պայտընի հաւանութեամբ:
Միւս կողմէ, հուսիներու քաղաքական գրասենեակը յայտնեց, որ մայրաքաղաք Սանաայի եւ Սաատա նահանգին վրայ ամերիկեան յարձակումները անպատասխան պիտի չմնան. այդ յարձակումները Եմէնը ետ պիտի չպահեն Կազային ու Լիբանանին աջակցելէ եւ թիկունք կանգնելէ, շեշտեց գրասենեակը: