Աւանդական քարաթէի աշխարհի ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ Փորթուգալի մէջ: «Այ.Թի.Քէյ.Էֆ.»ի (Աւանդական քարաթէի միջազգային դաշնակցութեան) կազմակերպած 22րդ ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը անհատական եւ խմբային մրցումներուն նուաճեց 5 ոսկի, 6 արծաթ եւ 2 պրոնզ մետալներ:
Նարեկ Իսքանտարեան, Արթուր Ոսկանեան եւ Յովհաննէս Յակոբեան խմբային «Քաթա» մրցաձեւին մէջ դարձան աշխարհի ախոյեաններ: Իսքանտարեան երկրորդ անգամ ըլլալով դարձաւ աշխարհի ախոյեան:
18էն 20 տարեկաններու մրցումներուն, Էրիք Յովսէփեան, անհատական «Քաթա» մրցաձեւին մէջ դարձաւ պրոնզէ մետալակիր:
16էն 17 տարեկաններու մրցումներուն, անհատական «Քումիթէ» մրցաձեւի աշխարհի ախոյեան դարձաւ Շահէն Առաքելեան, իսկ Տիգրան Աբրահամեան դարձաւ աշխարհի փոխախոյեան:

14էն 15 տարեկաններու մրցումներուն, անհատական «Ֆուքու-կօ» մրցաձեւին մէջ Դաւիթ Գոճամանեան դարձաւ փոխախոյեան, մինչ նոյն տարիքային մրցումներուն` անհատական «Քաթա» մրցաձեւին մէջ Գագիկ Յովհաննիսեան նուաճեց պրոնզէ մետալ:
Տիգրան Աբրահամեան 16էն 17 տարեկաններու մրցումներուն, «Ֆուքու-կօ» մրցաձեւին մէջ հռչակուեցաւ աշխարհի ախոյեան, իսկ Շահէն Առաքելեան` փոխախոյեան:
16էն 17 տարեկաններու խմբային «Քաթա» մրցաձեւի մրցումներուն Արթուր Խաչատրեան, Տիգրան Աբրահամեան եւ Դաւիթ Գոճամանեան շահեցան արծաթ մետալ:
Հայաստանի հաւաքականը 13 մետալներով գրաւեց 5րդ դիրքը մասնակցող 40 երկիրներուն մէջ:
Նախքան Աշխարհի ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ նաեւ Եւրոպայի պատանիներու (մինչեւ 14 տարեկան) ախոյեանութիւնը: Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Եւրոպայի ախոյեան դարձան Արթուր Ալեքսանեան, Միքայէլ Յարութիւնեան, Նարեկ Ջանիբէկեան եւ Աշոտ Երիցեան: