Ատրպէյճանէն եօթը ներգաղթեալներու նկատմամբ կասկածներ կան, որ լրտեսութիւն կը կատարեն Իրանի օգտին, կը գրէ «Այսօր Իսրայէլի Մէջ»ը։
Երկու տարուան ընթացքին, Իսրայէլի քաղաքացիութիւն ստացած նշեալները մօտաւորապէս 600 առաքելութիւն կատարած են իրանցիներուն համար` տեղեկութիւն փոխանցելով իսրայէլական ռազմավարական ռազմական կառոյցներու, մասնաւորապէս` Նեւաթիմի եւ Ռամաթ Տաւիտի մէջ տեղակայուած ռազմաօդային ուժերու կայաններու, ինչպէս նաեւ «Երկաթէ գմբէթ» հակաօդային համակարգի դիրքերու մասին: Կը հաղորդուի, որ նշուած վայրերը եղած են իրանեան վերջին հրթիռային յարձակման թիրախ:
Անոնց ծառայութիւններուն դիմաց վճարումը կազմած է հարիւր հազարաւոր իսրայէլական շեքել, որ մասամբ վճարուած է կանխիկ եղանակով: Հետաքննութեան տուեալներով` կասկածելիները գաղտնագրուած կապուղիներով տուեալներ փոխանցած են եւ մանրամասն հրահանգներ ստացած, թէ ո՛ր կառոյցները պէտք է նկարահանեն եւ որքան պէտք է վճարուին անոր համար:
Ասիկա վերջին տարիներուն լրտեսական ամէնէն լուրջ միջադէպերէն մըն է Իսրայէլի մէջ: Կասկածելիները ձերբակալուած են 19 Սեպտեմբերին, եւ շուտով մեղադրանք պիտի առաջադրուի լրտեսութեան եւ թշնամիին հետ համագործակցութեան մեղադրանքներով` յանցագործութիւններ, որոնք Իսրայէլի մէջ կը պատժուին մինչեւ ցմահ բանտարկութեամբ:
Մեղադրեալներու կարգին կան երկու անչափահասներ. մնացածը Հայֆայի մէջ եւ Իսրայէլի հիւսիսը բնակող չափահասներ են, անոնց մէջ՝ բանակէն դասալիքներ: Անոնք Իսրայէլի քաղաքացիութիւն ստացած են «Վերադարձի մասին» օրէնքով, եւ, ըստ քննիչներու, մնայուն աշխատանք չունէին. անոնց հիմնական դրդապատճառը դրամական շահն էր:
Հետաքննութեան ընթացքին քննիչները օգտագործած են գաղտնալսումներ, որոնք ցոյց տուած են, որ կասկածելիները աշխոյժ կերպով նոր յանձնարարութիւններ կը փնտռեն։
Անոնցմէ ոմանք ձերբակալուած են յանցանքի վայրին մէջ` Իսրայէլի հարաւը տեղակայուած ռազմական կառոյցները նկարելու ատեն: Իրանի հետ համակարգումը տեղի ունեցած է Ալհասան անունով թուրք միջնորդի մը միջոցով, որ, ըստ իշխանութիւններուն, կապ ունի տարածաշրջանի այլ լրտեսական ցանցերու հետ:
Հետաքննութիւնը պարզած է, որ, երբ Իսրայէլին՝ Իրանի հարուածէն ետք անոնց յանձնարարուած է գնահատել հարուածներուն վնասն ու ճշգրտութիւնը` հետագայ յարձակումներուն արդիւնաւէտութիւնը բարելաւելու համար: