Ներկայիս աշխարհի մէջ 24րդ դասուած թենիսի մարզիկ Կարէն Խաչանով շահեցաւ իր ասպարէզի 7րդ տիտղոսը, Ղազախստանի թենիսի մրցաշարքի աւարտականին յաղթելէ ետք գանատացի Կապրիէլ Տիալոյին 6-2, 5-7, 6-3 արդիւնքով:
Ռուսահայ Խաչանով, որ 2016ին շահած էր իր ասպարէզի առաջին մրցաշարքը Չենկտուի մէջ (Չինաստան), կրցաւ շահիլ Ալմաթիի մրցաշարքը, ուր ան 3րդ դասուած էր:
Թիւ 1 դասուած Ֆրանսիս Թիաֆօ (Միացեալ Նահանգներ) քառորդ աւարտականէն դուրս մնացած էր` պարտուելով Ալեքսանտր Վուքիչէն, որ իր կարգին պարտուեցաւ 28ամեայ Խաչանովէն` կիսաւարտականին 6-7, 6-3, 6-4 արդիւնքով:
Նշենք, որ անցեալ Փետրուարին Խաչանով Քաթարի բաց մրցաշարքը շահած էր: