Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան եւ Հայաստան տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար անկեղծ ջանքեր կը գործադրեն:
Յիշեցնելով 18 Հոկտեմբերին, Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած «3+3» հարթակի նախարարական նիստը՝ ան ըսաւ. «Յայտնի է, որ հարթակը արդիւնաւէտ է, եւ մենք կը փափաքինք զայն վերածել կառուցային հարթակի մը»:
Էրտողան դիտել տուաւ, որ պատերազմի աւարտէն ետք Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ «կայուն խաղաղութեան պատմական կարելիութիւն մը ստեղծուած է»։
«Մենք կը տեսնենք եղբայրական Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ջանքերը այդ ուղղութեամբ, եւ Անգարա պիտի հետեւի գործընթացին: Այժմ կայ եզակի հնարաւորութիւն մը տեւական խաղաղութեան համար: Մենք կը շարունակենք համակարգուած աշխատիլ մեր ատրպէյճանցի եղբայրներուն հետ», նշեց Էրտողան: