Իշխող «Բալասանեան» դաշինքը՝ ամբողջ կազմով, որոնց կարգին նաեւ քաղաքապետ Վարդգէս Սամսոնեան, Գիւմրիի աւագանիի աթոռներէն հրաժարելու դիմում ներկայացուցին ընտրատարածքային յանձնաժողովին: Ըստ «Ազատութեան» ունեցած տեղեկութիւններուն` առաւօտեան Սամսոնեան նաեւ քաղաքապետի պաշտօնէն հեռանալու դիմում ներկայացուց:
«Ազատութիւն»ը կը յայտնէ, որ արդէն նախկին իշխող ուժը Հայաստանի մէջ մեծութեամբ երկրորդ քաղաքի կառավարումէն կը հրաժարի դաշինքին հետ սերտօրէն կապ ունեցող նախկին քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեանի եւ անոր մերձաւորներուն դէմ քրէական գործի յարուցումէն ետք: Թէեւ շաբաթէ մը ի վեր արդէն շրջան կ՛ընէին լուրեր այս հրաժարականին մասին, սակայն, ցարդ ո՛չ բալասանեանականները՝ ո՛չ քաղաքապետը, ո՛չ աւագանիի 13 անդամները հրապարակաւ բացատրեցին, թէ ինչո՛ւ ընտրութիւններէն երկու տարի առաջ կը դիմեն այս քայլին: Կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկային դաշինքը յայտարարութիւն մը հրապարակէ:
Գիւմրիի աւագանին կրնայ իր գործունէութիւնը շարունակել 19 անձերով, որովհետեւ օրինական թիւ ապահովելու համար անհրաժեշտ է ունենալ 17 ձայներ: Իսկ համայնքի նոր ղեկավարի ընտրութեան հարցով, աւագանին արտահերթ նիստ մը կրնայ գումարել 1/3ի ստորագրութեամբ: