
Առաջին շարք, ձախէն աջ՝ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, դոկտ. Նազարէթ Տարագճեան, վեր. դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան, վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, վեր. դոկտ. Սամուէլ Ալպարեան
Երկրորդ շարք ձախէն աջ՝ վեր. Հենրիկ Շահնազարեան, վեր. Յովել Միքայելեան, վեր. դոկտ. Ռընէ Լեւոնեան, վեր. Ալպէրթ Փայտյան, վեր. Կալվին Սաղըրեան
Նկարէն կը բացակային՝ Ճոյս Փիլիպոսեան Սթայն, դոկտ. Նուրհան Հելվաճեան. վեր. Աւետիք Խաչատրեան:
Հայ Աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդը (ՀԱՀԽ) իր տարեկան ժողովը գումարեց Մոնթրէալի Հայ Աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ մէջ, 17էն 18 Հոկտեմբերին: Ժողովը նիստի կոչեց ՀԱՀԽի նախագահ դոկտ. Նազարէթ Տարագճեան կարճ պատգամով մը եւ աղօթքով մը: Խորհուրդը իր յարգանքի տուրքը ընծայեց նորոգ հանգուցեալ Աւետարանչականի գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանին:
Դիւանի եւ Խորհուրդի անդամներու բերանացի եւ գրաւոր տեղեկագրութիւններէն ետք, քննարկուեցան օրակարգի վրայ գտնուող կէտերը, որոնց համապատասխան տրուեցան որոշումներ:
Մասնաւոր խորհրդածութեան առարկայ դարձան Արցախի, Միջին Արեւելքի եւ Հայաստանի ներկայ քաղաքական իրավիճակը:
ՀԱՀԽը ցաւով նշեց, թէ Արցախի եւ Հայաստանի անկախութիւններուն հռչակումներէն ի վեր, այս տարի, Սեպտեմբեր 2024ին, առաջին անգամն է, որ հայութիւնը միայն Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձը տօնեց, որովհետեւ Սեպտեմբեր 2023ին, Ատրպէյճան զէնքի բիրտ ուժով գրաւեց Արցախը: Արցախ հայաթափեցաւ եւ անոր բնակչութիւնը ապաստան գտաւ Հայաստանի մէջ: Հայ Աւետարանական եկեղեցիներ եւ եկեղեցապատկան կազմակերպութիւններ՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան միջոցով, օգնութեան ձեռք երկարեցին Արցախի հայ գաղթականներուն:
Առաւել քան տարի մը անցած է Արցախի արտագաղթէն եւ տակաւին անորոշ է գաղթականներու ապագան: Մէկ բան որոշ է, որ մեծ թիւով արցախահայեր կը բաղձան վերադառնալ իրենց հայրենի տուները՝ միջազգային ապահովութեան երաշխիքի մը պայմաններով:
Խորհուրդը նաեւ խօսեցաւ պատերազմին ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ գերի առնուած բանտարկեալներու, քաղաքական բանտարկեալներու եւ Արցախի հայկական մշակոյթին եւ կրօնական վայրերու կործանման մասին:
Խորհուրդը որոշեց կոչ ընել ՄԱԿին եւ միջազգային հասարակութեան, որպէսզի ազդեցիկ միջոցներով գործադրէ հետեւեալները.
ա. Երաշխաւորել արցախահայութեան ապահով վերադարձը իրենց հազարամեայ հայրենիք Արցախ.
բ. Ազատ արձակել Ատրպէյճանի կողմէ բանտարկուած պատերազմական եւ քաղաքական գերիները.
գ. Արգիլել կործանումը հայկական մշակոյթի կեդրոններուն եւ սրբատեղիներուն.
դ. Արգիլել Ատրպէյճանի կողմէ մարդկային իրաւունքներու բռնաբարման ապագայ կարելիութիւնը:
Խորհրդակցութեան նիւթ դարձաւ նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող պատերազմը, յատկապէս Լիբանանի վրայ կատարուած Իսրայէլի ռազմական գործողութիւնները, որուն պատճառով օրէ օր կ՛աւելնան մարդկային զոհերու թիւերը, ինչքերու կորուստները եւ անտուն գաղթականները: Խորհուրդը կը դատապարտէ այս բոլորը եւ կ՛աղօթէ շուտափոյթ զինադադարի մը հռչակումին համար: Խորհուրդը նաեւ իր գնահատանքը կը յայտնէ շրջանի Հայ Աւետարանական ղեկավարութեան ցուցաբերած քաղաքական իմաստութեան, շրջահայեցութեան եւ կարեկցութեան ոգիին՝ տիրող տագնապալի կացութեան մէջ:
Գալով Հայաստանի ներկայ կացութեան՝ գաղտնիք չէ, որ մեր հայրենիքը գոյութենական պայքարի մէջ է եւ արտաքին ու ներքին ճնշումներու ենթակայ: Անտարակոյս, Հայաստանի ներկայ վարչակարգին նկատմամբ տեսակէտներու տարբերութիւններ կան: Խորհուրդը կը հաւատայ թէ վարչակարգերը վաղանցուկ են, կու գան եւ կ՛երթան, բայց հայրենիքը մնայուն իրականութիւն է: Ամէն հայու սրբազան պարտականութիւնն է՝ զօրավիգ կանգնիլ հայրենիքին եւ պաշտպանել զայն՝ սպառնացող վտանգներու դէմ:
ՀԱՀԽի ժողովը վերջ գտաւ գործադիր տնօրէն վեր. դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեանի փակման խօսքով եւ աղօթքով:
(Հաղորդագրութիւնը՝ ՀԱՀԽէն)