Իսրայէլեան օդուժը շարք մը բուռն յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի Սուր քաղաքին վրայ: Յարձակումներէն մէկը հարուածեց Ռամլ թաղամասը, ուր արձանագրուեցան 7 զոհեր եւ 17 վիրաւորներ: Նախքան այդ, իսրայէլեան բանակը Սուրի կարգ մը թաղամասերու բնակիչները զգուշացուց, որ պէտք է Աուալի գետէն հիւսիս հեռանան:
Իսրայէլ նաեւ ռմբակոծեց հարաւային Լիբանանի մէջ շարք մը գիւղեր, իսկ իսրայէլեան օդուժը Պեքաայի մէջ հարուածեց Հըլլանիէ գիւղը, ուր արձանագրուեցան 2 զոհեր եւ 7 վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ նիւթական մեծ վնասներ: