Ներկայիս գլխաւոր փոխդատախազ Սրբուհի Գալեան պիտի նշանակուի Հայաստանի արդարադատութեան նախարար: Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` յայտնելով, որ թեկնածութիւնը առաջադրած է իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութիւնը:
«Քաղաքացիական Պայմանագիր»ի վարչութեան նիստին քննարկուեցան հինգ թեկնածութիւններ՝ Սրբուհի Գալեանի, ներքին գործոց փոխնախարար Արփինէ Սարգսեանի, «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի տնօրէն Լիանա Ղալթաղչեանի, միջազգային իրաւական հարցերու գծով Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեանի եւ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի (ԲԴԽ) նախկին անդամ եւ ԲԴԽ նախագահի նախկին պաշտօնակատար, Հայաստանի գլխաւոր դատախազի նախկին տեղակալ, նախկին զինուորական դատախազ Գագիկ Ջհանգիրեանի:
Իշխող ուժը արդարադատութեան նախարարի թեկնածու կը փնտռէ արդէն շուրջ մէկ ամիսէ ի վեր. Գրիգոր Մինասեան այդ պաշտօնէն հրաժարական տուաւ 1 Հոկտեմբերին:
32ամեայ Սրբուհի Գալեան գլխաւոր դատախազի` ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման վերաբերող գործառոյթներու ոլորտը համակարգող տեղակալն է, այդ պաշտօնին վրայ նշանակուած էր 1 Սեպտեմբեր 2020ին, մինչ այդ շուրջ մէկ տարի եղած է արդարադատութեան փոխնախարար: