
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Մարդ կրնա՞յ սիրել առանց պատճառի, օգնել՝ առանց պատճառի, նոյնիսկ գրել՝ առանց պատճառի: Այսօր, երբ գիտական մտածողութեան տրամադրութեամբ կը փորձենք ամէն երեւոյթի պատճառը հասկնալ, ես ալ փափաքեցայ «պատճառ» բառին սկզբնապատճառը եւ նախապատճառը պրպտել. հասկնալ, թէ ի՛նչ պատճառներ առիթ տուին, որ հայուն գրիչը իմաստուն տողեր արտադրէ, աւելին՝ մեր մատենագիր եւ աշուղ այրերը գրելու, ողբալու եւ սիրելու ի՛նչ պատճառներ ունեցած են: Ուստի, յարգելի ընթերցող, կ՛առաջարկեմ, որ դուք, զուտ գրական հաճոյք ստանալու պատճառով ականջ տաք անոնց ձայնին: Իսկ երբ յօդուածս հասնի իր աւարտին, ձեր սիրտը գոհունակութեամբ լեցուած պիտի ըլլայ՝ անպատճա՛ռ:
ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՊԱՏՃԱՌ ՈՒՆԻՄ
Նկատեցի, որ մինչեւ այսօր յօդուածներուս մէջ հայ բժիշկ մը ներկայ չէ եղած: Ի՞նչ էր պատճառը: Չգիտե՛մ: Բայց այսօր, երկու անուն ներկայ են բացատրելու համար, թէ ի՛նչ է բազմաթիւ գաղտնի եւ յայտնի հիւանդութիւններու պատճառը: Առաջին անձնաւորութիւնը 1120-1200 թուականներուն ապրած մեծանուն բժիշկ, գիտնական, բնագէտ, իմաստասէր, հայկական դասական բժշկութեան հիմնադիր, «Ջերմանց Մխիթարութիւն» աշխատասիրութեան հեղինակ Մխիթար Հերացին է: Մեծ բժիշկը բացատրեց. «Հիւանդութիւնը պէտք չէ փնտռել միայն հիւանդի մարմինին մէջ, անիկա կրնայ արտաքին միջավայրի ազդեցութեան պատճառով ըլլալ» (թարգմանաբար): Իսկ 1420/1425 թուականին, Ամասիա ծնած, երկար տարիներ Պոլիս ապրած, 8 Դեկտեմբեր 1496 թուականին Պուրսայի մէջ մահացած բժիշկ, բնագէտ, դեղագէտ եւ բժշկական բառերու բառարանագիր Ամիրտովլաթ Ամասիացի մեզի խրատեց, թէ առողջ կեանքի համար պէտք է միշտ ունենալ դրական եւ զուարթ տրամադրութիւն: «Վախը, տրտմութիւնը եւ բարկութիւնը մահաբեր հիւանդութեան պատճառ են», ըսաւ Ամասիացի:
ՉԱՐԻՔԻ ՊԱՏՃԱՌԸ
Մենք ինչո՞ւ չենք ապրիր դրախտի մէջ: Ի՞նչ պատճառով դուրս մնացինք այդ պարտէզէն: Ի՞նչ պատճառով ելանք Աստուծոյ աչքէն: Տաղասաց Մինաս Թոխաթցի պատասխան մը ունէր եւ զայն գեղարուեստականօրէն ալ գրի առաւ. «Սատանան հնարիւք զԱդամ խաբել է, / Զօձն պատճառ արեր, ընդ Եւա խօսել է, / Զմահկանացու պտուղն ուտեցուցել է, / Կերեր՛ւ յԱստուծոյ աչացն ելել է»: Իսկ Աստուածաշունչը, բացի Ադամի եւ Եւայի պատմութենէ, իր մէջ կը պարունակէ բազմաթիւ արտայայտիչ եւ խրատական «պատճառներ»: Գիրքը ըսաւ, թէ կուռքերը պատճառն են բոլոր չարութիւններուն. «Անուն կռոցն եւ պաշտօն՝ ամենայն չարի սկիզբն եւ պատճառք»: Չարիքի մէկ այլ պատճառ, ըսաւ Գիրքը, հպարտութիւնն է. «Ամենայն չարեաց պատճառ հպարտութիւնն է»: Իսկ դուք, յարգելի ընթերցող, կ՛ուզէ՞ք լսել բարիքներու պատճառը. «Ամենայն բարեաց պատճառ խոնարհութիւն է»:
ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐ
Աստուածաշունչը հայուն խօսեցաւ եւ անոր տուաւ հայր Աստուծոյ անունները. «Աստուած՝ առաջի՜ն եւ ճշմարի՜տ պատճառ»: Գրիգոր Նարեկացին իր Մատեանին մէջ Արարիչը նկարագրելու համար Հայոց լեզուի ամբողջ բառապաշարը օգտագործեց: Պատճառ մը կա՞ր: Ո՛չ: Վարդապետ բանաստեղծին գրածը պարզապէս սիրտի խորերէն եկող խօսքեր էին. «Պատճառ բարեաց», «Լուսաւորեալ պատճառ», «Պատճառ քաւութեան», «Պատճառ կենդանութեան», «Պատճառ փրկութեան», «Պատճառ վեհագոյն», «Անշրջելի պատճառ, բաղձալի աղերս»: Ապա բանաստեղծական եռատող մը մեզի աւանդ մնաց Նարեկացիէն. «Եւ քեզ միայնոյ պատճառի, Եւ միոյդ ի միոյ պատճառէ, Եւ ունողիդ զպատճառ միոյ»: Մէկ այլ բանաստեղծ վարդապետ՝ Ներսէս Շնորհալին մեկնաբանեց Աստուծոյ իսկութիւնը. «Իսկութիւն անպատճառ եւ պատճառ ծագումն»:

ԱՊԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌԸ
Միջնադարուն հայ պատմիչներ մեկնաբանեցին հայ ազգի եւ անհատի դժբախտութիւններու հիմնական պատճառները: Պատմագիր, մեկնիչ, աստուածաբան եւ իմաստասէր Վարդան Արեւելցին, որ թարգմանիչ սուրբերու նուիրուած «Որք Զարդարեցին» երգի հեղինակն է, 1264 թուականին աւարտեց «Մեկնութիւն» աշխատասիրութիւնը, գիրքի աւարտին, յիշատակարանին մէջ ալ գրի առաւ այդ աշխատանքի դժուար ընթացքին չար պատճառները, ինչպէս նաեւ՝ յաջող աւարտին բարեպատճառները. «Եւ ես շատ պատճառ ունէի, որ խափանէր զիս զայս ձեռնարկութենէս: Տկարութիւն եւ մութն խրճիթս, եւ հողմ Պարխարու (գիւղ մը) փոշեխառն փչելով ընդ պատուհանս, եւ պաղ օդոյս: Բայց սիրովն հրաշագործիւ յաղթահարեալ եղեն պատճառքն…»: Կը յիշէ՞ք, Կարին գաւառի Արծն քաղաքի Լաստիվեր գիւղը ծնած Արիստակէս Լաստիվերցին, 1070-72 թուականներուն վկայ եղած էր սելճուքներու վայրագութիւններուն, Արծնի եւ Սմբատալերան (Սմբատաբերդ) սոսկալի կոտորածներուն: Տեղահանուած եւ հալածուած պատմիչը մեզի պարզ լեզուով բացատրեց, թէ այդ բոլորը ինչո՛ւ պատահեցան: Վարդապետը չափով եւ յանգով պատմեց հայուն պատահած փորձանքներու սկզբնապատճառը: Այնքան յուզիչ եւ դաստիարակիչ ութեակ մըն է անիկա, որ որոշեցի ամբողջութեամբ մէջբերել, այն պատճառաբանութեամբ, որ հազար տարի առաջ գրի առնուած այդ խրատը այսօր ալ ունենայ խրատական արժէք. «Ամէն մարդ եղծեց իր ճանապարհը, / Երկիրն լեցուեցաւ անօրինութեամբ. / Արդարութիւնը սաստիկ նուազեցաւ, / Անառակութիւնն աճեցաւ, բազմացաւ. / Ժողովուրդը եւ քահանան դրժեցին Աստուծոյ: / Այդ պատճառով ալ օտար ազգերը / Օտարացուցին մեզ մեր բնաշխարհէ, / Մեր փառքը փոխուեցաւ ապականութեան» (թարգմանաբար):
ՍԷՐ՝ ԱՌԱՆՑ ՊԱՏՃԱՌԻ
Եղան օրեր: Եկաւ գարուն: Հնչեց սիրոյ քնարը: Աշուղը ունէր սիրելու բազմաթիւ պատճառներ: Բանաստեղծ մը ահա այսպէս նկարագրեց իր եարը. «Ա՛յ իմ լոյս երես, կարմիր ու ճերմակ, / Աչուիդ խաժումաժ, ուներդ է բարակ, / Ծոցդ լոյս կու տայ, ծծերդ է բամպակ, / Մէկիկն է լուսին եւ մէկն արեգակ»: Այդ գեղեցիկը ներազդեց կտրիճին. «Լուսին երբ նայիմ, քունս կու հատնի, / Արեգական լոյս աչուիս խուտուտի, / Զաչերդ երբ տեսնում, խելքս կու ցրուի, / Ուներդ երբ նայիմ, սիրտս կու մար»ջ: Իսկ ի՞նչ էր անոր անքնութեան պատճառը. «Ցանկալոյ պատճառ եղար ամէնի, / Երբ տեսնում զքեզ, մնամ կենդանի»: Սայաթ Նովայի սիրած եարը, յարգելի ընթերցող, «Ծովէն էլած թանգ մարքարիտ ու մարջան» էր, անոր լեզուն՝ «միղր», շրթունքը՝ «նուշ»: Ապա «որսորդ» երգիչը աղաչեց. «Գո’զալ, ա’րի, պատճառ մի դառ իմ մահին»:
ՍՈՒՏ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐ
Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ» թատերախաղի Յովհաննէս վանահայրը եւ Մարիամ իշխանուհին, դժբախտաբար, այնքան ալ ազատ չէին սիրային ջերմ զրոյց մը ունենալու: Անոնք – ամօ՞թն է պատճառը – չկրցան իրարու աչքի մէջ նայիլ. «ԻՇԽԱՆՈՒՀԻ: Ինչո՞ւ աչքդ կը ձգես, ոչ, պէտք չէ որ գետին ձգես: ՎԱՆԱՀԱՅՐ: Չեմ հասկնար՝ ինչ կը խօսի իշխանուհին: Ես պատճառ չունիմ ո՛չ մէկուն առջեւ գետին նայելու: ԻՇԽԱՆՈՒՀԻ: Բայց ճշմարիտն ա՛ն է որ ես ու դուն կը վախնանք իրարու աչքին ուղիղ նայելու»: Իսկ Պարոյր Սեւակ 1959ին, «Քո Պատճառով» բանաստեղծութեան մէջ ըսաւ, թէ իր արցունքի, անքնութեան, տրտմութեան եւ պարտութեան պատճառն է՝ …թող ի՛նք, Սեւակը խօսի (համառօտ). «Քո աչքերի՛, քո աչքերի՛, քո աչքերի՛ պատճառով, Իմ աչքերը ամբո՛ղջ գիշեր, ամբո՛ղջ գիշեր չե՜ն փակւում… Քո թեւերի՛, բա՛ց թեւերի, մե՛րկ թեւերի պատճառով, Իմ աչքերին, իմ աչքերին ջրվէժնե՜ր են երեւում: Քո ծիծաղի՛, քո ծիծաղի՛, քո ծիծաղի՛ պատճառով, Իմ ծիծաղը, իմ ծիծաղը պաշտօնաթո՜ղ է դարձել: Քեզ այս ձեւով ունենալու-չունենալու պատճառով, Կորցրել եմ ունեցածս՝ հպարտութի՜ւնս յաղթողի»:
ԾՈՒԼՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌԸ
Ի՜նչ-ինչ պատճառներով հայ հրատարակիչը տպեց գիրքեր՝ լուսաւորեց հայուն միտքը: Բոլորս գիտենք, թէ նիւթական շահ չէր բուն պատճառը, այլ՝ գիտութեան ծարաւ: «Պատճառ» բառն ալ բազմաթիւ անգամներ, յայտնուեցաւ Պոլսոյ, Պաքուի, Տրապիզոնի եւ այլ նախկին հայաշատ քաղաքներու մէջ: Այդ ընտիր հրատարակութիւնները, որոնք մեծ թիւ մը չեն կազմեր, կասկած չունիմ, որ արժանի են յիշուելու: Իր անունին մէջ «պատճառ» բառը պարունակող առաջին գիրքը Արիստոտելի աշխատասիրութիւնն է. «Գիրք Պատճառաց», Կ. Պոլիս, 1750: Ապա լոյս տեսան ուրիշներ, որոնց նպատակն էր ազգի թշուառութիւններուն պատճառը հասկնալ. «Ի՞նչ է մեր թշուառութեան պատճառը եւ ի՞նչ է անոր դարմանը», Կ. Պոլիս, 1872, «Կուրութեան Պատճառները», Պաքու, 1904, «Կնոջ անկումը անօթութեան պատճառով», Կ. Պոլիս, 1904, «Ներկայ սովը եւ իր պատճառները: Դասախօսուած Տրապիզոն, 1908 Հոկտ. 9ին», Տրապիզոն, 1909: Իսկ այս ցանկի վերջին անունը, մանկական, բարոյախօսական, անժամանակավրէպ թատերախաղ մըն է. «Ծուլութեան Պատճառը», 1912: (Խիստ ընտիր են «Տօնապատճառ» կոչուած գիրքերը, որոնք կը պարունակեն այլեւայլ տօներու համար գրուած մեկնութիւններ, ճառեր եւ ընթերցուածներ)
ՏՈՒՐ ՊԱՏՃԱՌ ՈՐ ՔԵԶ ՍԻՐԵՄ
Յարգելի ընթերցող, ահա յօդուածս կ՛աւարտի: Իբրեւ հրաժեշտի խօսք՝ երկու երգ կը մէջբերեմ?մէկը հին, միւսը՝ նոր, երկուքն ալ սիրոյ պատճառով այրած-մաշած երկու սիրտի պատմութիւն: «Րոպէ անգամ» երգը քաղցր գանգատ է, հառաչանք մը. «Առանց կրակի այրւում եմ, / Քո սիրովդ տանջւում եմ, / Մատաղ կեանքս ու հոգիս, / Քո պատճառով մաշում եմ»: Իսկ Հայաստանը Եւրոտեսիլի մէջ ներկայացուցած Իվէտա Մուկուչեանը իր երգին մէջ նախկին սիրածէն անկեղծ պատճառներ պահանջեց՝ զայն սիրելու համար: Մինչ Իվէտան հնչէ սրտաբեկ խօսքեր, ես ձեզի յիշեցնեմ, որ դուք հեռու մնաք տրտմութենէ, վախէ եւ զայրոյթէ, որպէսզի ունենաք առողջ կեանք, ինչպէս մեր հին բժիշկները յորդորեցին.
«Բարի ճամբայ քեզ,
Մնա, իսկ ես գնամ,
Անունս շուրթերին քո
Թող փոշի դառնայ:
Տուր պատճառ, որ մնամ քեզ հետ
Տուր պատճառ, որ նայեմ ես ետ,
Տուր պատճառ, որ չասեմ քեզ վերջ,
Մի բառ ասա, հասկանամ ես քեզ:
Տուր պատճառ քեզ սիրեմ»: