Ըստ «Իփոս»ի կատարած նորագոյն հարցախոյզին՝ ամերիկացի քուէարկողներուն 49 առ հարիւրը կը զօրակցի Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ, նախագահի պաշտօնի Դեմոկրատ կուսակցութեան թեկնածու Քամալա Հերիսին, իսկ 46 առ հարիւրը` նախկին նախագահ, Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփին, սակայն ճակատագրական նկատուող նահանգներուն մէջ եւ ըստ այլ հարցախոյզերու, համեմատութիւնները աւելի մօտիկ են իրարու։
Հարցախոյզը ցոյց կու տայ, թէ ամերիկացի քուէարկողներուն 60 առ հարիւրը դժգոհ է թեկնածուներու իր ընտրանքէն եւ անոնց 75 առ հարիւրը կ՛ըսէ, թէ «երկիրը վտանգաւոր կերպով դէպի սխալ ուղղութիւն կ՛ընթանայ»:
Նշենք, որ ցարդ առաւել քան 78 միլիոն ամերիկացիներ քուէարկած են։