Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ բաժնած է վրացական զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան ծանուցումը: Կազմակերպութեան, որ զբօսաշրջութեան պտոյտներ կը կազմակերպէ դէպի Հայաստանի Լոռիի մարզը, յայտարարութեան մէջ գրուած է հետեւեալը.
«Այլ տխուր, բայց պարտադիր շրջագայութիւն մը… Պատմական Վրաստան: Իւրայատուկ մշակոյթ, որ դժբախտաբար մնաց Լոռիի մէջ: Յիշենք եւ փառաբանենք յաւերժական, առեղծուածային եւ մեծ Վրաստանը»:
Հրապարակման մէջ ներկայացուած են Ախթալայի, Հաղպատի, Սանահինի եւ Օձունի վանքերը: