Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարարը Պարոյր Յովհաննիսեան Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրին վերաբերող վերջին զարգացումներուն գծով «Ազատութեան» հարցումին պատասխանելով՝ յայտնեց, որ հայկական կողմը առաջարկներ ուղարկած է Պաքու՝ առանց յստակացնելու, թէ ե՛րբ եւ յստակ ի՛նչ առաջարկներ:
Յովհաննիսեան նշեց, որ խաղաղութեան պայմանագիրի 1-2 ձեւակերպում համաձայնեցնելու գործընթացը նոյն փուլին մէջ է, կը սպասուի Պաքուի արձագանգին:
Աւելի ուշ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան տեղեկացուց, որ 5 Նոյեմբերին, Հայաստան ստացաւ խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծին վերաբերեալ Պաքուի պատասխան առաջարկները (նախագիծի 11րդ խմբագրութիւն):
Նախորդ շաբաթ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւս յայտարարեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն մէջ կան 1-2 ձեւակերպումներ, որոնց շուրջ աշխատանքը կը շարունակուի՝ զգուշաւոր լաւատեսութիւն յայտնելով, որ մօտիկ ապագային անոնք եւս պիտի համաձայնեցնեն եւ պայմանագիրը պատրաստ պիտի ըլլայ ստորագրութեան։
Յովհաննիսեան, արձագանգելով այն լուրերուն, թէ Եւրոպական Միութեան մօտ Ատրպէյճանը դեսպանը Եւրոպական Միութեան մօտ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեանին սպառնալիքներ ուղղած է՝ ըսաւ. «Մեզ հասած տեղեկութիւններով` ընդունելութեան ընթացքում վիրաւորանքներ ու սպառնալիքներ են հնչել, որի վերաբերեալ յայտնել ենք բելգիական կողմին յայտագրով, ինչպէս նաեւ Եւրամիութեանը: Եւ այդ հարցով հետաքննում է տեղի ունենում»:
Աւելի կանուխ Politico-ն գրած էր, որ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեան յայտնած է, թէ սպառնալիքներ ստացած է Ատրպէյճանի դեսպան Վաքըֆ Սատիքովի կողմէ: Հայաստանի դեսպանութիւնը այս գծով պաշտօնական բողոք յղած է Պրիւքսէլի մէջ այլ դիւանագիտական առաքելութիւններու:
Կը նշուի, որ միջադէպը պատահած է Պրիւքսէլի Tangla պանդոկին մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեան ընթացքին, որ կազմակերպուած էր Թուրքիոյ դեսպանատան կողմէ` ի պատիւ երկրի ազգային տօնին: