
Միացեալ Նահանգներու ծովուժի բժիշկներէն Ստեփան Եագուպեան վերջերս յատուկ մեծարանքի արժանացաւ Ճափոնի զինուորական ուժերուն կողմէ ։
Մեծարումը տեղի ունեցաւ Ամերիկա-Ճափոն միացեալ Keen Sword ռազմափորձերու աւարտին։ Ռազմափորձերը տեղի ունեցան Ճափոնի Օքինաուա քաղաքի ամերիկեան ռազմակայանին մէջ։
Կլենտէյլէն Ստեփան Եագուպեան վիրաբոյժ է. ան մաս կը կազմէ Պըրպենքի Providence St. Joseph Medical Center-ի անձնակազմին։