Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան անդամ Օկըսթ Ֆլեկըրի հետ հանդիպումին ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, թէ «Հայաստանի կողմէ իրականացուող ռազմականացման եւ սպառազինութիւններու մրցավազքի քաղաքականութիւնը վտանգ կը ներկայացնէ տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ ապահովութեան համար»:
Ան դարձեալ կրկնեց, որ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու համար պէտք է վերջ տալ «Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքային պահանջներուն», որոնք, ըստ անոր, Սահմանադրութեան մէջ են:
Ասոր զուգահեռ, Ատրպէյճանի ելեւմուտքի նախարար Սամիր Շարիֆով, Միլլի Մեճլիսի տնտեսական քաղաքականութեան, արդիւնաբերութեան եւ ձեռներէցութեան յանձնաժողովին ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ յայտարարեց. «Հայաստանի ռազմականացումը Պաքուն ստիպեց ՝ աւելցնելու ռազմական իր պիւտճէն»։
Ըստ Շարիֆովի՝ Ատրպէյճանի յաջորդ տարուան պիւտճէով պաշտպանական ծախսերուն յատկացուած է շուրջ 5 միլիառ տոլար: