Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին Հայաստանի կողմը դիտորդական առաքելութիւն իրականացնող Եւրոպական Միութիւնը տակաւին չէ յստակացուցած, թէ առաքելութեան ժամկէտի աւարտէն ետք առաւել քան 200 քաղաքացիական դիտորդները պիտի շարունակե՞ն մնալ Հայաստան, թէ ոչ:
18 Նոյեմբերին այս մասին յայտնեց Եւրոպական Միութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոս՝ պատասխանելով «Ազատութեան» հարցումին. ան նաեւ ըսաւ, որ յստակ չէ տակաւին՝ պաշտօնական Երեւան արդեօք դիմա՞ծ է առաքելութեան ժամկէտը երկարաձգելու խնդրանքով:
«Առաքելութեան երկարաձգման որոշումը տակաւին չէ վերջնականացած, բայց մենք կ՛աշխատինք այդ հարցին ուղղութեամբ: Անիկա Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ քննարկման փուլի մէջ է», ըսաւ ան։
Փետրուար 2023էն ի վեր, երբ եւրոպացի դիտորդներ եկան Հայաստան՝ Կապանի, Գորիսի, Ջերմուկի, Եղէգնաձորի, Մարտունիի եւ Իջեւանի գրասենեակներէն Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանները հսկելու եւ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ կայունութեան նպաստելու առաքելութեամբ, հայկական կողմը կարեւոր նկատեց անոնց ներկայութիւնը, մինչեւ Ատրպէյճան պարբերաբար կը քննադատէ անզէն դիտորդները, նոյնիսկ լրտեսութեան մէջ կը մեղադրէ զանոնք: Ատրպէյճանի բանակի ընդհանուր հրամանատարը նախորդ ամիս անգամ մը եւս քննադատեց եւրոպացի դիտորդները` պնդելով, որ անոնց ներկայութիւնը Հարաւային Կովկասին մէջ կը սրէ իրավիճակը, կը խոչընդոտէ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորմանը, աւելին՝ ան յայտնեց, որ «անոնք կը լրտեսեն Ատրպէյճանի տարածքը` հնարաւոր նոր սադրանքի» նախապատրաստուելու համար:
18 Նոյեմբերին դեսպանը հակադարձեց Պաքուի մեղադրանքներուն՝ ըսելով. «Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը գերազանց աշխատանք կը կատարէ՝ տեղւոյն վրայ ամրապնդելով մարդոց ապահովութիւնը։ Այս առաքելութեան լիազօրութիւնը շատ պարզ է: Ասիկա քաղաքացիական առաքելութիւն է, որ տեղւոյն վրայ իր ներկայութեամբ կ՛օգնէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ վստահութեան հաստատման: Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման եւ կարգաւորման գծով ջանքերուն: Եւ այս առաքելութիւնը, որ շատ արհեստավարժ է եւ Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր երկիրներուն աջակցութիւնը կը վայելէ, այս առումով հիանալի աշխատանք կը կատարէ», ընդգծեց Մարակոս: