«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, որ տարակարծութիւններ, դժգոհութիւն, հիասթափութիւն տիրական դարձան ՔՈՓ 29ի համաժողովին: Արդարեւ, Ատրպէյճանի հիւրընկալած Կլիմայի վեհաժողովը 22 Նոյեմբերին կ՛աւարտի, սակայն Կլիմայի համաշխարհային ֆինանսաւորման մասին համաձայնագիրի վերջնական բնագիր չկայ տակաւին:
Համաժողովի մասնակից երկիրները մէկը միւսին ետեւէն կը քննադատեն նախնական բնագիրը, որ ուշացումով խմբագրուեցաւ 21 Նոյեմբերի առաւօտեան: Բանակցութիւնները գլխաւորող Պաքուն չյաջողեցաւ ընդհանուր յայտարարի բերել մասնակիցները եւ պայմանաւորուած համաժողովի գլխաւոր նպատակին շուրջ՝ աւելի հարուստ ու զարգացած երկիրները որքան գումար պիտի տրամադրեն աղքատ երկիրներուն՝ պայքարելու կլիմայի փոփոխութիւններուն դէմ:
Ըստ կարգ մը լրատուամիջոցներու՝ 10 էջերէ բաղկացած փաստաթուղթը տարակարծութիւններու պատճառով կրճատուեցաւ կէսի, սակայն, պահպանուած կէտերուն շուրջ եւս չկայ վերջնական համաձայնութիւն: Ըստ «Ռոյթըրզ»ի՝ ցարդ նախագիծին մէջ տակաւին կան տողեր, ուր հարցման նշաններ դրուած են:
Ըստ «Էսոշիէյթըտ Փրես»ի՝ այս կը նշանակէ, որ հարուստ երկիրները բանակցութիւններուն ընթացքին տակաւին առաջարկ չեն ներկայացուցած:
«Էսոշիէյթըտ Փրես»ը կը գրէ, որ Ատրպէյճանի ներկայացուցած առաջարկներու թղթածրարը միայն մէկ հարցով կրցած է միաւորել հաւաքի մասնակիցները, բոլորին մօտ նոյն զգացումներ կան՝ անհանգստութիւն եւ պարզապէս զզուանք:
«Փաստաթուղթը ներկայի տեսքով ակնյայտօրէն անընդունելի է», յայտարարեց Եւրոպական Միութեան կլիմայի հարցերու գծով յանձնակատար Վոփքէ Հոքսթրան:
Փանամայի գլխաւոր բանակցող Խուան Քարլոս Մոնթերէյ Կոմեսը «Ռոթըրզ»ին հետ զրոյցին ընթացքին աւելի կոշտ արտայայտուած է՝ պնդելով, որ հաւաքը վերածուած է «ծաղրածութեան». վերջին վայրկեանները կը մօտենան, բայց ստացուած փաստաթուղթը պարզապէս թոյլ է:
Իրլանտայի բնապահպանութեան նախարար Էամոն Ռիյեան իր կարգին քննադատեց մասամբ համաձայնեցուած փաստաթուղթը՝ ըսելով. «Այն, ինչ որ ներկայացուած է այսօր, հաւասարակշռուած չէ եւ չի արտացոլացներ անյետաձգելի գործողութիւններու իրական պահանջը»:
Ըստ կարգ մը տնտեսագէտներու՝ զարգացող երկիրները տարեկան առնուազն մէկ թրիլիոն տոլարի կարիք ունին յառաջիկայ վեց տարիներուն՝ կլիմայի փոփոխութիւնները յաղթահարելու համար: Մինչդեռ Պաքուի ներկայացուցած փաստաթուղթերու փաթեթին մէջ, անոնց բովանդակութեան ծանօթ աղբիւրներուն համաձայն, խօսք չկայ՝ ինչ պիտի կատարուի հանածոյ վառելիքի կրճատման համար:
Համաշխարհային ջերմացումը, որ յատկապէս վերջին տասնամեակին մահաբեր աղէտներու՝ ջրհեղեղներու, փոթորիկներու, երաշտներու, ծայրայեղ տաքերու պատճառ դարձաւ, ըստ մասնագէտներու, մարդու տնտեսական գործունէութեան՝ հանածոյ վառելանիւթի այրման, ջերմոցային կազերու արտանետումներու հետեւանք է: Կլիմայաբաններուն կանխատեսումներով՝ իրավիճակը չփոխելու պարագային ալ աւելի աղէտալի զարգացումներ կրնան տեղի ունենալ արդէն 2030ի սկիզբները:
Մինչդեռ նաւթով ու կազով հարուստ Ատրպէյճանի նախագահը ՔՈՓ 29-ի առաջին օրը ելոյթին մէջ խօսեցաւ ոչ թէ հանածոյ վառելանիւթէն հրաժարելու մտադրութիւններուն մասին, այլ դատապարտեց բոլոր անոնք, որոնք կը քննադատեն Ատրպէյճանի նաւթակազային արդիւնաբերութիւնը: «Այդ պաշարները Ատրպէյճան պարգեւ ստացած է Աստուծմէ», պնդեց Իլհամ Ալիեւ: