Պաքու խարազանեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակուտական Էտ Մարքին եւ Ֆրենք Փալոնը, որոնք ՔՈՓ 29ի ծիրին մէջ, Ալիեւի վարչակազմը մեղադրեցին իրենց դէմ յարձակումներ եւ սադրանքներ կազմակերպելու մէջ:
Քոնկրեսական Փալոն պնդեց, որ եթէ չըլլար Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան թիկնապահը, ինք կրնար հիւանդանոց հասնիլ։
Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ, իբրեւ պատասխան, ամերիկացի օրէնդիրները անուանեց «հայկական լոպիի գործիքներ» եւ «ստախօս» ու պնդեց, որ «Ատրպէյճանի մէջ շոու բեմադրելու անոր փորձը ձախողեցաւ»:
Հաճիեւի՝ «Էքս»ի վրայ կատարուած գրառումէն կը բացայայտուի, որ քոնկրեսական Փալոն իջեւանած է պանդոկի մը մէջ, որուն պատուհանէն կ՛երեւի վիճայարոյց «ռազմավարի պուրակը», ուր բացի հայկական բանակէն գրաւուած սպառազինութենէն, նուաստացուցիչ վիճակի մէջ պատկերուած են հայ զինուորները` բանտախուցի մը մէջ շղթայուած:
«Թերեւս ատիկա աստուածային հատուցում էր Ատրպէյճանի ժողովուրդին նկատմամբ տարիներ շարունակ իրականացուած անարդարութեան համար, որուն ան աջակցած է», գրած է Հաճիեւ:
Արձագանգելով Արցախի հայերու վերադարձի իրաւունքին մասին ամերիկացի օրէնսդիրներու յայտարարութեան` Հաճիեւ պնդեց, որ անոնք կա՛մ պէտք է Ատրպէյճանի քաղաքացիութիւն ընդունին, կա՛մ «ատիկա կրնայ տեղի ունենալ միայն փոխադարձաբար եւ Հայաստանէն վտարուած բնիկ ատրպէյճանցի բնակչութեան վերադարձի իրաւունքի ճանաչման զուգահեռ»:
Յիշեցնենք, որ Մարքի եւ Փալոն մաս կը կազմէին ՔՈՓ 29ին մասնակցելու համար Ատրպէյճան այցելող ամերիկեան պատուիրակութեան: