Ամերիկեան ծննդեան նախատօնակ՝ «քրիսմըս իվ»ն էր:
Ուշ երեկոյեան էրիկ կնիկ, երբ թոռնիկ Վանային «պէյպի սիթ» էինք եղած, յանկարծ տան դուռը զարնուեցաւ: Աւելի քան ութսունը անց, թէ՛ իր հասակով եւ թէ իր մարմնով հուժկու իրլանտացի դրացիներէս Ճիմին էր, որ մեզմէ քանի մը դուռ վար կ’ապրէր:
Այս մէկը աննախընթաց անակնկալ մըն էր, մեծ եւ հաճելի: Ներս հրաւիրեցի: Մերժեց:
Ձեռքը դեղին մեծ պահարան-ծրար մը բռնած էր: Զայն անհանդարտ, գրեթէ ամչնալով երկարելով.- «տիս իզ ֆոր եու, նէյպըր», ըսաւ արագ մը եւ պահարանը ինծի յանձնեց, «մերի քրիսմըս» մըն ալ աւելցուց եւ ժպտուն ու ամչկոտ դէմքովը յարգանքով մըն ալ տիկնոջս բարեւելէ ետք, փորձեց խոյս տալ:
Կինս, իր մեկնումին առաջքը առնելու համար, իրարու ետեւէ համոզիչ նախադասութիւններ շարեց:
Մարդը պահ մը միայն կենալով, շտապ բացատրեց, թէ որովհետեւ ես տարին քանի մը անգամներ իրեն օգտակար դարձած էի, ինքնաշարժովս զինք բժիշկի կամ շուկայ տարած, հիմա «քրիսմըսի իվ»ին, պզտիկ նուէրով մը իր երախտագիտութիւն կը յատնէր: Կինս կրկին անգամ փորձեց զինք ներս հրաւիրել:
Կիները ասանկ են, մէկու մը պոչը եթէ բռնեն, չեն ձգեր: Այրերէն աւելի ճկուն են եւ մանաւանդ որոշ թեքնիքներ ունին ու կը գործածեն իրենց ծրագիրները յաջողութեամբ պսակելու համար: Ու կը կարծեն, որ միշտ կը յաջողին: Իմ բախտէս՝ այս անգամ իր ջանքերը ապարդիւն ելան:
Կինս չյաջողեցաւ, որովհետեւ մեր բարի Ճիմին անդրդրուելի մնաց: Ապա կարճ ու կտրուկ բարի մաղթանքները ցրուելէ ետք, հեռացաւ:
Ահա ամերիկեան դրացնութիւն:
Ահա ամերիկացի դրացիս եւ բարիներէն մէկը:
Հոս, այս երկրին մէջ բարի դրացին այն է, որ քեզի գէշութիւն չ’ըներ եւ կամ քու գործերուդ միջամուխ չ’ըլլար:
Ճիմին ինծի համար բացառիկներէն մէկն էր:
Մեր թաղը փոխադրուելէն ի վեր, ամէն առաւօտ կամ երեկոյ մարզանքի մը պարտադրանքին տակ, երբ քալելու ելլէր, մեր դրան կամ պատուհանին առջեւէն անցած պահուն, անպայման լայն ժպիտով բարձրաձայն բարեւ մը կը նետէր: Այս ձեւով երկուստեք որոշ մտերմութիւն մը ստեղծուած էր, որուն իբրեւ հետեւանք զանազան առիթներով, իր կեանքի պատմութիւնը մեզի պատմած էր:
Ժամանակին ոստիկան եղած էր: Երեք մանչ զաւակներ ունեցած էր, որոնք հեռաւոր նահանգներ կ’ապրէին: Հինգ տարի առաջ կինը՝ Մըրին, մահացած էր ու զինք ձգած տեսակ մը անորոշ վիճակի մէջ: Կնոջ ողջութեան՝ ամէն «թէնքսկիվինկի»ն զաւակները իրենց ընտանիքներով, ծնողքին տունը կը հաւաքուէին: Իսկ խեղճ Մըրիի մահէն ետք, ամէն բան շրջուած ու փոխուած էր: Ոչ «թէնքսկիվինկ» մնացած եւ ոչ ալ «քրիսմըս»:
Փոխուած էր նաեւ մեր Ճիմին ու հազիւ տարի մը ամուրի մնացած, իր յաճախած «չըր»չէն, «կըրլ ֆրենտ» մը գտած էր:
Այս ձեւով իր զաւակներուն բացակայութեան, նոր եկուորին հետ կ’անցընէր իր տօնական օրերը: Այսչափ միայն գիտենք: Այսքան տեղեկութիւն նոյնիսկ շատ է ամերիկեան դրացնութեան օղակէն ներս:
***
Ներս մտանք:
Երեքով եւ յատկապէս Վանային անհանդարտ եւ ուրախ հետաքրքրութենէն ծնած աղմուկով, բացինք պահարանը:
Տիեզերքի փայլուն ու պսպղուն աստղերու մեծադիր նկարներ, առաւել քանի մը էջ գրութիւն եւ հաստատագիր մը:
Այս էր ծրարին ամբողջ պարունակութիւնը: Այս էր նաեւ նուէրս:
Կարծեմ ինձմէ աւելի, թոռնիկս յուսախաբ եղաւ: Հազիւ մէկ ու կէս տարեկան այդ աղջնակը ո՞վ գիտէ ինչե՜ր ակնկալած էր այդ տափակ ու մեծ պահարանէն:
Կինս բարձրաձայն կարդաց:
Ճիմին, տօնական օրերուն առթիւ, ինծի «աստղ» մը կը նուիրէր:
Մարդը իր տալիք նուէրը այնքան հապճեպով պատրաստած ըլլալու էր, որ նուէրին գնման գինը պահարանին մէջ մոռցած էր.- Յիսունչորս տոլար եւ ութսուն սէնթ:
Հոգ չէ, նոյնիսկ շատ ալ է:
Իրմէ փոխադարձ ակնկալութիւն մը երբեք չէի ունեցած: Միւս կողմէ սակայն, հոս Ամերիկա է, կ’ըսէի մտովի, ուր ոչ միայն նուէրիդ գինը կը գիտնաս կամ կը բացայայտեն, այլեւ նոյնիսկ նստած տեղէդ, «վերէն» ալ հող կրնաս գնել:
Նայեցայ անջրպետի մեծադիր գունաւոր քարտէսին: Աստղին վրայ անունս գրուած էր: Անոր տեղը յստակ էր: Հեռաւորութիւն, լայնութիւն եւ տարածութիւն շատ պարզ:
Ուրեմն այս վայրկեանէն սկսած, շնորհիւ դրացի Ճիմիիս՝ իմ անունովս աստղ մը գրանցուած էր երկինքին վրայ:
Եկուր եւ հաւատայ:
Բայց: Փաստ ունիմ: Ունիմ նաեւ հաստատուած վկայագիր մը:
Իսկապէս եթէ մեր երկիրը ըլլայինք, ընկերներս, ազգականներս կամ բարեկամներս ու նոյնիսկ տնեցիները վրաս պիտի խնդային եւ շատ հաւանաբար զիս խռֆածներուն շարքին դասէին:
***
Ամերիկա հաստատուած օրէս ի վեր կը կարծէի, որ այս երկրի իրականութիւնն ու ժամանակի գիտակցութիւնը ճանչցած էի:
Չարաչար սխալած էի:
Տարուէ տարի հաստատած էի, թէ այս հողին վրայ հանգիստ ապրելու համար պէտք էր, որ ուրանայի հինս, անցեալս:
Առ քեզի Ամերիկա. պիտի ըսէր հայրս:
Կեանքը ըմբռնելու նոր կերպ մըն էր ամերիկանիզմը՝ ըսած են շատեր ու ես այս մէկուն անձնապէս հաւատք սկսած եմ ընծայել:
Մեծամոլութեան ախտէն վարակուած այս նոր աշխարհը, մակերեսներու մեծութիւններու վրայ շինուած այս հարուստ երկիրը պատմական աւանդութենէ զուրկ ժողովուրդներու հաւաքածոյ մըն էր պարզապէս, ուրիշ ոչինչ, որ կամաց կամաց անգիտակցաբար քեզ իր մէջ կը ձուլէր, կը հալեցնէր:
Կը հաւատամ, որ ինծի նման շատեր այս յստակ իրականութեան դիմաց գրեթէ ամէն օր, իրենց հայեացքները կ’ուղղեն միշտ հեռուն՝ դէպի հինը, նախկինը:
Ու հակառակ անոր, որ գրեթէ բոլորս ալ այս երկիրը հաստատուած ժամանակ մեզի հետ բերած էինք մեր բորբոսած կանոնները, արդուկը գացած հարցերը, ճմռթկուած խնդիրները, սակայն մեր մանկութեան եւ երիտասարդութեան երազներու աշխարհը ամէն առիթներով միշտ կը յիշենք՝ անով ջերմացնելու համար մեր հոգիները, որպէսզի մեր մտքերը իրենց խաղաղութիւնը գտնէին:
Ահա թէ ինչու մեր մազերը ժամանակէն առաջ ճերմկցան ու շատ յաճախ մեր կեանքը իր կշռոյթը կորսնցուց: Մեր մտքերը շատ յաճախ ջղային տրոփումներ ունեցան, անհանգիստ, անհաւասար եւ հակասական: Մեր նախկին կեանքի բոցը հաստատապէս վարակած ըլլալով մեր բոլոր երազները, սկսանք ժամանակին մէջ ետ ու առաջ թափառիլ:
Հայ ենք ու մարդկային բնութեան բոլոր հակասութիւնները կը ցայտեն մեր նկարագրին մէջ:
Ասկէ մեկնած, ստիպուած, փամփշտակալին մէջ պարապ փամփուշտներ շարած, կեանքի ամէնօրեայ կռուին մասնակցեցանք:
Ամէն ինչ սակայն վարժութեան հետ կապուած է- կ’ըսէր մայրս, ու կ’աւելցնէր, թէ վարժութենէն կը ծնի համակերպումը:
Ահա ահաւոր վտանգը, նաեւ բարենիշը, անշուշտ եթէ գիտնանք մեր ակնկալածին չափն ու սահմանը:
Ակամայ, ի տես այս նոր իրականութեան, այս վայրկեանին գաղափարներս սկսած էին կտրտել ուղեղս, ճանկռտել անոր հինցած ու շատ յաճախ վերանորոգուած պատերը:
Վա՜յ Ճիմի, վա՜յ, կ’ըսէի մտովի, եթէ նոյնիսկ հազար տարի ալ այս երկիրը ապրած ըլլայի, բնաւ մտքիս ծայրէն պիտի չկարենայի անցընել՝ առ ի երախտագիտութիւն նման նուէր մը տալ ուրիշին:
Հիմա սակայն իրականութիւն էր, որ թէեւ աստղ մը չեմ դարձած, սակայն իմ անունովս աստղ մը ունիմ, կայ երկինքին վրայ, Աստուծոյ մօտ, լուսնին քով, կամ արեւին կից: Ալ դուք հաշուեցէք եւ որոշեցէք:
Կը զգայի, որ հիմա անձէս մեկնած, նոր անձ մը կը փնտռէի: Նոր խանդ մը վարակած էր երազներս:
Կը յիշեմ, որ Պետրոս Դուրեան իր մահուան նախօրեակին ուզած էր աստղ մը դառնալ «յաւելուլ երկնից» եւ տակաւին Թէքէեանի երկնի անթիւ աստղերէն մէկն ալ միտքս է:
Իմ պարագայիս, շնորհիւ դրացի Ճիմիին, ես արդէն հատ մը ունէի:
Վայրկեանի մը համար քարտէսը ձեռքս դուրս ելայ: Չորս կողմս նայեցայ: Պարտէզի մթութեան մէջ աչքերս երկինք յառած փնտռեցի անգտանելի այդ աստղս:
Անկասկած, որ ամերիկեան ախտէն վարակուած էի:
Հեւքով փնտռեցի երկինքի նոր տուն-աստղս ու միամտօրէն մտքէս անցուցի, թէ ով գիտէ, օր մը թոռներուս թոռները, գիտութեան ընձեռած գիւտերուն շնորհիւ, եթէ առիթը ունենան այցելելու իրենց հայ մեծ-մեծ հօր կամ մեծ-մեծ տատին անունով արձանագրուած աստղը անջրպետին մէջ, ես ինքզինքս իսկապէս երջանիկ պիտի զգայի:
Յանկարծ քիթիս տակէն սկսայ խնդալ:
Ես իմ վրաս կը խնդայի:
Կը հաւատայի, որ ներկայէն փախուստ տալով ինկած էի Ճիմիին բերած նոր երազներուն գիրկը, ուր մանկական հաւատքով վայրկեաններս անիմաստ երանութեան մէջ սահած էին ակամայ:
Վերը, աստղերու բազմութեան մէջ, յիսուն տոլարնոց աստղ մը արդէն իսկ զիս ժամանակաւոր երանութեան մը գիրկը նետած էր:
Ես իմ խնդուքս չէի կրնար զսպել: