ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Այո, մենք ալ բոլոր գերզգայուն մարդոց նման, ի լուր «Հըզպալլա»ի եւ Իսրայէլի միջեւ կայացած հրադադարի յուսադրիչ յայտարարութեան, արդարօրէն հարց կ՛ուզենք տալ, թէ անխնայ դաժանութեամբ իրարու արիւնը թափող դերակատարներու միջեւ, մօտ տարիէ մը ի վեր տարուող կործանիչ ու քանդիչ պատերազմէն ու հազարաւոր անմեղ զոհերու թափուած արեան հոսքէն ի վերջոյ կռուող կողմերուն ի՜նչ մնաց:
Առօրեայ կշռոյթով տարուող իսրայէլեան յարձակումները «Հըզպըլլա»ի դիրքերուն վրայ, իրենց կործանարար հետքը թողուցին, Լիբանանի տարածքին հազարաւոր կալուածներ փլատակի վերածելով ու նոյնքան մեծ թիւով անմեղ զոհեր խլելով, ինչպէս նաեւ արդէն կաղացող տնտեսութիւն մը բոլորովին խորտակելով ու գետնի հաւասարեցնելով: Ու այս պահուս, կողմերը կ՛ընդունին թէ բարակ թելէ կախուած է Ամերիկայի նախագահ Պայտընի ջանքերով կեանքի կոչուած հրադադարը:
Իսկ Կազայի ու Իսրայէլի սահմանին վրայ տեղի ունեցող երգահանդէսի մը ատեն, արաբ կռուողներու ձեռամբ՝ 1200 անմեղ հրեայ երիտասարդներու անտեղի ջարդը, պատրուակ ծառայեց ու կանանչ լոյս բացաւ Իսրայէլի վարչապետին առջեւ, Կազայի մէջ ցեղասպանութիւն գործելու եւ տեղւոյն պաղեստինցի արաբ բնակչութիւնը կոտորելով ու տարագրելով, անոր հողերուն տիրանալու: Մինչեւ օրս, միլիոնաւոր պաղեստինեան ծագումով արաբներ տեղահան եղան ու 1200 անմեղ հրեաներու փոխարէն, Կազայի կռիւներուն, 45.000 արաբ բնակիչներ, մեծ մասամբ անմեղ կիներ ու մանուկներ, իրենց կեանքը կորսնցուցին: Ամէն ցեղի ու գոյնի համաշխարհային հասարակութիւնը, իրապէս շշմեցաւ տեղի ունեցող կործանիչ բախումներու ու նախճիրին ի տես: Առանց բացառելու, սահմանին միւս կողմը, անմեղ լիբանանցի զանգուածներու «Հըզպալլա»ի պատճառով կրած հոգեկան ու ֆիզիքական ամեհի ցաւերն ու մարդկային կորուստները, իրենց կարգին ոչ մէկ արդարացում ունէին, ու իրենց էութեամբ՝ անտեղի էին:
Աշխարհով մէկ սփռուած լիբանանցիներուն ու տեղւոյն բնակչութեան մեծամասնութեան համար, անհեթեթ կը թուան շարունակուող ընդհարումներն ու գործադրուող կոտորած-ոճիրները, այդ մէկը գոյապայքար կոչենք թէ ցեղասպանութիւն: Ի տես տիեզերական մաշտաբով մեր շուրջ տիրող սովի ու չքաւորութեան, ինչպէս նաեւ համաճարակներու, անգործութեան, բնութեան եղծանումին, կլիմայի վատթարացման, ջուրի ու ջրամբարներու ցամքումին, եւ ատոր հետեւանքով՝ հողագործութեան ու սննդամթերքի զգալի նուազման, կը սպասուի որ գոնէ գերպետութիւնները ուշքի ու խելքի գալով, կտրականապէս կրճատեն զէնքի ու զինամթերքի, իմա՝ բանակի յատկացուած ու անտեղի կերպով վատնուած տարեկան այդ 2500 միլիառ կամ 2․5 թրիլիոն տոլարի գումարը ու զայն յատկացնեն երկրագունդի չքաւոր բնակչութեան կեանքի բարելաւման:
Զիրար կոտորելով, իրարու հողերն ու ստացուածքը սեփականացնելով, դրացի երկիրներուն ծաղկող ճարտարարուեստն ու կառոյցները քանդելով, ոչինչ պիտի շահի մարդկութիւնը: Տեսէ՛ք, պատմութեան ընթացքին քանի՜ քանի՜ կայսրութիւններ ու գերպետութիւններ կործանեցան: Ներկայ ընթացքով մարդկութիւնը կ՛արագացնէ իր երթը դէպի քանդում ու կործանում, դէպի՝ ոչնչացում…
Արդէն գերպետութիւնները, սկսած են իրարու դէմ երկրորդ աշխարհամարտը յիշեցնող հիւլէական բախումներու սուրը ճօճել, երրորդ համաշխարհային պատերազմի ուրուականը ամէն առիթով իրարու երեսին քսելով:
Պահ մը հաշուենք որ այդ գերպետութիւն կոչեցեալները իրարու վրայ «զըխըմ ըլլալիք» հիւլէական կործանիչ ռումբերը արձակեցին: Հարց կու տանք՝ այդ բոլորէն ո՜վ պիտի շահաւոր ելլէ: Այո՛, այդ բոլորէն մարդկութիւնը ի՜նչ պիտի շահի՝ ԱՆԷԱՑՈՒ՜Մ…
Ամենուրէք մարդուս սիրտը ճմլող, սարսռազդեցիկ տեսարաններ՝ ամէն տարիքի մարդկային խլեակներու, առօրեայ մեր յաճախանքը կը դառնան: Ափսոս, վասն ինչ բանի, վասն ո՜ր արիւնարբու քաղաքական հոսանքի շիլ հաշիւներու ըմբոշխնման ու յետին նպատակներու գործադրման: Ամէն անկիւնադարձին, պարապ ամանները ձեռքերուն, կմախքացած, սոված մանուկներու շարաններ կարգի կայնած են իրենց ընծայուելիք երկու շերեփ ապուրով ընտանիք պահելու համար: Տակաւին ի՜նչ սրտաճմլիկ պատկերներ մարդկային գազանութիւններու: Կարծէք 1915 Հայոց Եղեռնը կը վերապրի պաղեստինցի արաբը : Չենք հասկնար, վասն ի՜նչի իրարու դէմ կը կիրարկուին անմարդկային խժդժութիւնները, չըսելու համար անտառային վայրենութիւնները:
– Ո՜վ մարդկային հասարակութիւն, եկէ՛ք խելքի գանք….
Եկէ՛ք մեր շրջապատէն վտարենք պատերազմատենչ, արիւնարբու ղեկավարները ու զանոնք փոխարինենք խելահաս, հաւասարակշռուած, խելքը գլուխը, մարդասէր, մտաւորական ու աստուածավախ ղեկավարութեամբ: Անգամուան մը համար առիթ տանք վերոնշեալներուն ու խնայենք տարեկան 2500 միլիառ տոլարը ու զայն յատկացնենք տարաբախտ մարդկութեան բարօրութեան ու եղծանուող երկրագունդի բնապահպանումին…
Ռիչմընտ, Վըրճինիա