Միջազգային իրաւական հարցերու գծով Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան չուզեց մեկնաբանել վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, որ՝ Հայաստան Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու պարագային պատրաստ է միջազգային ատեաններէն փոխադարձութեան սկզբունքով հայցերը յետս կոչելու:
«Չեմ ուզում արտայայտել իմ դիրքորոշումը, որովհետեւ կը ստացուի` կը մեկնաբանեմ, ճիշդ կը լինի այս պահի դրութեամբ զերծ մնալ: Հիմա աշխատում են, այս պահին նման հարց չկայ դրուած, շարունակւում են գործերի քննութիւնը, շարունակւում են ընթացակարգային քայլերը, որ անհրաժեշտ են հայցերի քննութիւնն ապահովելու համար», ըսաւ Կիրակոսեան:
Պաքու Միջազգային ատեաններէն հայցերը յետս կանչելու պահանջ դրած էր. այս հարցը, ըստ ատրպէյճանական կողմին, խաղաղութեան բանակցութիւններու նախագիծի չհամաձայնեցուած կէտերէն է. հայկական կողմը չհերքեց զայն։
Կիրակոսեան նաեւ նշեց, որ Միջազգային քրէական դատարանին մէջ Ատրպէյճանի դէմ նոր հայց ներկայացնելու գծով այս պահուն քայլեր չկան, բայց որեւէ բան բացառուած չէ։
Պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին, թէ ինչո՛վ պայմանաւորուած է այն հանգամանքը, որ Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացումէն ետք, Հայաստան հայց չէ ներկայացուցած Ատրպէյճանի դէմ՝ Եղիշէ Կիրակոսեան ըսաւ. «Միջազգային քրէական դատարանը (ՄՔԴ) միջազգային իրաւական մարմին է, որի քննութեան առարկայ են դառնում ֆիզիքական անձանց քրէական պատասխանատուութեան մասին հարցերը։ ՄՔԴի գործառոյթը կարող է իրականացուել երեք ձեւով. դատախազի նախաձեռնութեամբ, որը կարող է իր որոշմամբ քրէական վարոյթ սկսել, պետութիւնների կողմից իրավիճակի ներկայացմամբ, ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհրդի նախաձեռնութեամբ»։
Կիրակոսեան մերժեց մանրամասնութիւններ տալ այն մասին, որ արդեօք հայկական կողմը կը նախատեսէ՞ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի դէմ դատ բանալ՝ Արցախի հայերու ցեղային զտումներու գործով։ «Չեմ կարող բարձրաձայնել հարցեր, որոնք կարող են ներքին քննարկումների առարկայ լինել», ըսաւ ան։
Կիրակոսեան նաեւ խօսեցաւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող գերիներու վերադարձի հարցին մասին՝ յայտնելով, որ այդ հարցը կը քննարկուի քաղաքական օրակարգով, սակայն այս հարցով նաեւ իրաւական պահանջներ ներկայացուած են միջազգային ատեաններու մէջ։
Կիրակոսեան նշեց, որ Հայաստանի կողմէ գերիներու վերադարձի հարցը բարձրացուած է թէ՛ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին (ԱՄԴ), թէ՛ Եւրոպական դատարանին մէջ (ՄԻԵԴ), սակայն այդ ատեանները դիտել տուած են, որ հարցը իրենց իրաւասութենէն դուրս է: