ԱՆԻ ԹՈՐԱՆԵԱՆ

Յովսէփին որոշումն է եւ այդ որոշումը չունի ետդարձի ճամբայ․ ան որոշած է նուիրուիլ հայ գիրին ու գիրքին․․․։
Հալէպ ծնած ու հասակ առած, որպէս բանասէր-գրականագէտ շրջանաւարտ եղած Երեւանի Պետական համալսարանէն, տասնամեակներէ ի վեր Ամերիկա հաստատուած Յովսէփը ոչ միայն չէ շեղած իր որդեգրած ուղիէն, այլ տարիներու թաւալումին հետ պողոտայ դարձուցած է այդ ուղին, հաստատապէս վճռելով գիր-գրականութեան ասպարէզին մէջ իր ընդունակութիւններուն վրայ գումարել նաեւ հրատարակիչի շնորհակալ դերը, այս անգամ հետեւելով իրմէ 20 դար առաջ ճամբայ ելած գիտութեան եւ արուեստներու հովանաւոր մեկենաս Գայոս Կիլնիոսին, եւ որպէս խոհակից ունենալով համակրելի կինը՝ Գարոլը։
Նալպանտեան ամոլը հիմնած է «Յովսէփ եւ Գարոլին Նալպանտեան մատենաշար»ը՝ 2005ին, կեանքի իրաւունք տալով աւելի քան ինը տասնեակ երկերու, ինչպէս նաեւ սատար կանգնելով գրական արժէքաւոր ստեղծագործութիւններու ծնունդին։
Համալրել հայ գիրը լոյսին բերող հովանաւորներուն թիւը, երբ յայտնապէս անսահման չեն նիւթական կարելիութիւնները, միայն զոհողութեան եւ նուիրումի արդիւնք կրնայ ըլլալ։ Զուր չէ, որ Յ․Նալպանտեանին, ի թիւս տարբեր գնահատագիրներու եւ շքանշաններու, շնորհուած է նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» պարգեւը։
Կեանքի մէջ իւրաքանչիւր անհատ իր ուրոյն ուղին կ՛ընտրէ, եւ երբ այդ ճամբան կը հարթէ հաւատարմօրէն ու նուիրումով, արդիւնքը անխուսափելիօրէն կը գոհացնէ ոչ միայն զինք, այլեւ իր անմիջական շրջապատը։
Հաւատարիմ իր ընտրած ուղիին՝ Յովսէփը միշտ ջանաց նոր իմաստով ու գաղափարներով հարստացնել զայն։ Արդիւնքին մէջ, ան հեղինակ է աւելի քան 34 գիրքի, որոնք ոչ միայն գրուած, այլեւ հրատարակուած ու սփռուած են՝ իւրօրինակ կապ ու կամուրջ ստեղծելով իր ու իր համախոհներուն, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի ու հայրենիքի միջեւ։
Տարին անգամ մը, երբեմն աւելի, կ՛այցելէ Հայաստան՝ ամրապնդելով կապը հայրենի հողին, հայրենաբնակ մտաւորականներուն, գրական նորութիւններուն հետ։ Աննկարագրելի նուիրումով շրջայցեր կը կատարէ երկրին մարզերն ու շրջանները՝ հանդիպումներ կազմակերպելով ուսանողներու, դպրոցականներու, գրադարաններու աշխատակիցներու, ուսուցիչներու, դասախօսներու հետ, բոլորին բաշխելով իր գիրքերէն եւ մանուկի մը պարզութեամբ անոնց հետ բաժնեկցելով իր ուրախութիւնը։
Այս ամէնը թարմ լիցք կը հաղորդեն Յովսէփին եւ ան վերանորոգ ուժով ու հաստատակամօրէն կը շարունակէ իր սիրելի աշխատանքը։
Բազմազան են Յովսէփին հետաքրքրութիւնները եւ ան իր գրիչին համար չի խուսափիր ընտրել այնպիսի նիւթեր, որոնք, պարզ տրամաբանութեամբ, կը թուի թէ հեռու են իրմէ։ Օրինակ՝ «Միջազգային Դասական Երաժշտութեան Համառօտ Պատմութիւն», հրատարակուած Երեւան, 2022ին, 67 երաժշտահաններու կեանքին եւ գործունէութեան մասին, նաեւ վերջին 66 էջերը կը կազմեն 6-20րդ դարերու դասական երաժշտութեան ժամանակագրութիւնը։ Օգտակար հատոր մը, որ կրնայ երաժշտական կատարողական արուեստի հետեւորդ աշակերտի մը սեղանի գիրքը ըլլալ։
Ուրիշ զարմանալի հատոր մը, դարձեալ հրատարակուած Երեւան, 2022ին՝ «Կերակուրներու Համառօտ Պատմութիւն»ն է, որուն բուն նպատակն է, տարբեր հեղինակներու եւ խոհանոցներու ուսումնասիրութիւնը ընելէ զատ, ուտեստեղէնը միջոցի վերածել եւ շեշտը դնել աւանդոյթներու, Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ տարբեր շրջաններուն յատուկ կերակրատեսակներու, հայկական անուանումներու եւ հայ հեղինակներէ մէջբերումներու վրայ։
Իր հրապարակագրական եռահատորին մէջ Յովսէփ Նալպանտեան ընդգրկած է բազմաբնոյթ նիւթեր՝ «Տգիտութիւնը Մեծագոյն Չարիք», «Հայ Գիրքը, Կարդալը Եւ Մենք», «Լեզուներ Եւ Բառեր», «Մեր Անընդունելի «Հայկական» Մականունները», ընդարձակ այլ նիւթ մը՝ «Հայկական Ամէնօրեայ Դպրոցներու Վիճակը Սփիւռքի Տարածքին», «Արդի Հայ Գիրքը Ամերիկայի Մէջ», մտահոգութիւն արտայայտող էջեր՝ համահայկական հիմնադրամ մը ունենալու հրամայականի շուրջ, նաեւ ազգային այլ լուրջ խնդիրներու մասին։
Թուարկումը, առանց չափազանցութեան, կրնայ էջերու վրայ տարածուիլ, սակայն ժլատ մէջբերումներն անգամ ցոյց կու տան հեղինակին անկեղծ մտահոգութիւնը, ազգային խնդիրներուն լուծում գտնելու իր ազնիւ ճիգը, եւ ամենէն կարեւորը՝ «յանձնուիլ» բայը իր բառարանին մէջ չընդունելու վճռակամութիւնը․․․։
Յաւելենք, որ «Յովսէփ եւ Գարոլին Նալպանտեան» անունը կրող երեք գործող գրադարան կայ Հայաստանի մէջ։ Ան նուիրած է մօտ 17 հազար հատոր գիրք։
Ահա գործունէութիւն մը, որ համակ նուիրում է, եւ նուիրում, որ օրինակելի է։