–ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՌԱԶՄԱԿԱՅԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԻՔՆԵՐ ՏՈՒԱԾ Է
–ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՎՐԱՅ ԲԱՐՁՐԱՑԱՒ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ԴՐՕՇԱԿԸ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ Սուրիա ազատագրուեցաւ Պաշշար Ասատէն եւ անոր ու անոր հօր կատարածներէն՝ նշելով, որ Ասատի վարչակարգը վայրագօրէն սպաննեց հազարաւոր անմեղ քաղաքացիներ:
Ան յայտնեց, որ ընդդիմադիր ուժերը Ասատը մղեցին իր պաշտօնէն եւ երկրէն հեռանալու: «Պիտի աշխատինք Սուրիոյ մէջ շահ ունեցողներուն հետ՝ օգտուելու այս առիթէն: Իրանի եւ անոր գործակատարներուն կողմէ Ասատը եւ անոր վարչակարգը պաշտպանելու բոլոր առիթները ձախողութեան մատնուեցան», ըսաւ Պայտըն՝ աւելցնելով. «Ռուսիա, Իրան եւ «Հըզպալլա»ն չկրցան Ասատի վարչակարգը պաշտպանել: Պիտի աջակցինք Սուրիոյ դրացիներուն, ներառեալ Յորդանանին, Իրաքին, Իսրայէլին եւ Լիբանանին. «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորումին առիթ պիտի չընծայենք իր կարողութիւնները կառուցելու, ինչպէս նաեւ ՄԱԿի ծիրին մէջ պիտի գործակցինք սուրիական բոլոր խմբաւորումներուն հետ»:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ իր ուժերը կեդրոնական Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութեան» առաւել քան 75 թիրախներ հարուածած են:
«Արեւելեան Սուրիոյ մէջ պիտի մնանք` երաշխաւորելու համար, որ «Իսլամական պետութիւն»ը չվերադառնայ», «Արապիա»ին յայտնեց Փենթակոնէն պաշտօնատար մը:
«Իսրայէլեան օդուժը Սուրիոյ բանակին պատկանող տասնեակներով թիրախներ հարուածեց եւ տասնեակներով պատերազմական օդանաւեր քանդեց», հաղորդեց իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանը:
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՌԱԶՄԱԿԱՅԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԻՔՆԵՐ ՏՈՒԱԾ Է
Քրեմլինէն աղբիւրներ «Թասս» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ սուրիական ընդդիմութիւնը Սուրիոյ մէջ ռուսական ռազմակայաններուն ապահովութեան երաշխիքներ տուած է:
Սուրիական զինեալ ընդդիմութիւնը նախապէս յայտարարած էր, որ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ գտնուող դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն ապահովութեան երաշխիքներ կը տրամադրէ:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՎՐԱՅ ԲԱՐՁՐԱՑԱՒ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ԴՐՕՇԱԿԸ
Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգի տապալումէն 2 օր ետք, Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատունը բարձրացուց Սուրիոյ մէջ իշխանութեան տիրացած ընդդիմադիր զինեալներուն դրօշը:
8 Դեկտեմբերին, նախկին դրօշակը արդէն վար առնուեցաւ դեսպանատան վրայէն։
Երեւան տակաւին չէ արձագանգած Սուրիոյ մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն: Ապահովական նկատառումներով՝ Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան դիւանագիտական անձնակազմը 8 Դեկտեմբերին հեռացաւ Սուրիայէն եւ իր գործունէութիւնը կը շարունակէ Պէյրութէն։