
Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգայինի Թատերական միաւորին կազմակերպութեամբ, յառաջիկայ Յունուարին եւ Փետրուարին պիտի ներկայացուի Ռեճինըլտ Ռոզի «12 Զայրացած Մարդիկ» յայտնի թատերախաղը՝ բեմադրութեամբ Ցոլակ Խաչերեանի:
Ներկայացումները տեղի պիտի ունենան Ուրբաթ, Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը, 31 Յունուարին, 1, 2, 7 եւ 9 Փետրուարին, ժամը 7:30էն սկսեալ, Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի թատերասրահին մէջ (1601 E. Mountain St., Glendale CA 91206): Տոմսերու համար դիմել Շուշիկին` (714) 403-0875 թիւով, կամ այցելել կայքէջը։
Ստորեւ բեմադրիչին խօսքը․
«Միջավայրի մը մէջ, ուր մտային ճնշող նախապաշարումները կը գերակշռեն եւ կը խանգարեն մեր միտքերն ու գաղափարները, չափազանց եւ խիստ կարեւոր է վերակենդանացնել որոշ դասական թատերական գործեր, ինչպէս օրինակ՝ Ռեճինըլտ Ռոզի «12 Զայրացած Մարդիկ» թատրերգութիւնը, որպէսզի մենք մեզի յիշեցնենք, թէ որքան կարեւոր է, որ մեր որոշումները հիմնենք փաստերու եւ ճշմարտութիւններու վրայ:
«Այս իմաստալից թատրերգութեան մէջ, որ կը բեմականացուի մէկ տեսարանի մէջ, 12 զայրացած մարդիկ խորհրդակցական սենեակին մէջ պիտի սկսին քննարկել իր հօր սպանութեամբ մեղադրուած, երիտասարդ տղու մը վճիռը, որ կրնայ անոր կեանքին ճակատագիրը որոշել:
«Սկիզբէն, մեղադրուած երիտասարդ տղուն կեանքին հետ կապ ունեցող հանգամանքները եւ անոր ընկերային կարգավիճակը, դատական կազմի 12 անդամներուն մեծամասնութեան ստիպել կու տան ենթադրելու, որ ան իսկապէս գործած է ոճիրը։ Դատական կազմի անդամներուն՝ այս երիտասարդ տղուն հանդէպ ունեցած նախապաշարումները կը ստիպեն իրենց հաւատալու, որ այս դատական գործը շատ յստակ, անվիճելի եւ դիւրին է: Բայց իրականութեան մէջ, արդեօք այդպէ՞ս է:
«Միացէ՛ք մեզի՝ բացայայտելու, թէ ի՛նչպէս եւ ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ խորհրդակցական սենեակին մէջ»: