«Հերմոն լերան գագաթները պատմական յուզիչ պահու մէջ վերադարձան իսրայէլեան վերահսկողութեան տակ: Ես եւ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու այցելեցինք Կոլանի բարձունքը եւ տեսանք Հերմոն լերան գագաթները, որոնք 51 տարիներ ետք մեր վերահսկողութեան տակ վերադարձան», յայտնեց Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց՝ աւելցնելով. «Բանակին հրամայեցի պատրաստուիլ ամբողջ ձմրան ընթացքին Հերմոն լերան գագաթին մնալու: Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն լոյսին տակ, Հերմոն լերան մեր վերահսկողութիւնը ապահովական մեծ կարեւորութիւն ունի»:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը յայտարարեց, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը միաձայնութեամբ հաւանութիւն տուած է Սուրիայէն գրաւուած Կոլանի մէջ բնակեցման վայրերու աճը ամրապնդելու ծրագիրին, որ կ՛արժէ աւելի քան 11 միլիոն տոլար:
«Պիտի շարունակենք Կոլանին կառչիլ եւ այդտեղ բնակեցում կատարել», ըսաւ Նեթանիահու` աւելցնելով. «Կոլանի մէջ բնակեցման ամրապնդումը կը նշանակէ ամրապնդել Իսրայէլը, ինչ որ ներկայ փուլին շատ կարեւոր հարց է»:
Արաբական շարք մը երկիրներ դատապարտեցին Իսրայէլի այս այս որոշումը: