29 Նոյեմբերին, Փարիզի Հայ մշակոյթի տան մէջ, Համազգայինը նշեց Սերգէյ Փարաճանովի ծննդեան 100ամեակը` նախաձեռնութեամբ Նարէ Թադեւոսեանի, գործակցութեամբ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան:
Երեկոն սկսաւ Փաթրիք Գազալի «Serguei Paradjanov, Le Rebelle» ժապաւէնի ցուցադրութեամբ, որուն յաջորդեց Նայիրի Գալստեանի զեկոյցը: Ան բացատրեց ֆրանսացի շրջանակներու սերտ կապը Փարաճանովի հետ, մանաւանդ` անոր բանտարկութեան շրջանին: Գալստեան նշեց տարուած աշխատանքը եւ կատարուած միջամտութիւնները, որպէսզի ան ազատ արձակուի: