

Շաբաթ, 14 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստանի մանուկներ» բարեգործական հիմնադրամի (ՔՈԱՖ, COAF) տարեկան 21րդ դրամահաւաքի ձեռնակը՝ ներկայութեամբ մօտաւորապէս 450 համակիրներու։
Ձեռնարկին ընթացքին կարելի եղաւ գոյացնել 7 միլիոն տոլար, որ պիտի յատկացուի Հայաստանի գիւղական շրջաններու մէջ կրթական, առողջապահական եւ հոգեբանական սպասարկութիւններ մատուցելու 2025ի ծրագիրներուն եւ պիտի նպաստէ Արմաւիրի մէջ COAF SMART կեդրոն մը կառուցելու նպատակին։
Մասնակցողներու շարքին էին անցեալ տարուան ձեռնարկին «Մարդասիրական» մրցանակը ստացած յայտնի դերասան Ճօ Մանճանիէլոն, որ ներկայիս նաեւ ՔՈԱՖի վարչութեան անդամ է, ինչպէս նաեւ յայտնի դերասան Էրիք Պօղոսեան, որ կազմակերպութեան «Մշակութային Ջատագովման» մրցանակները յանձնեց «Կոլտըն Կլոպ» մրցանակին թեկնածու դարձած Anora ֆիլմին դերասաններէն՝ Կարէն Քարակիւլեանին եւ Վաչէ Թովմասեանին։


Ելոյթ ունեցաւ նաեւ կազմակերպութեան երկար տարիներու զօրակից՝ դերասանուհի Էնտրիա Մարթին եւ ներկաները վայելեցին հռչակաւոր երգչուհի Կլորիա Կէյնըրի կատարումները։
Այս տարուան «Սերունդ Մը Փրկէ» մրցանակը յանձնուեցաւ ՔՈԱՖի վարչութեան երկար տարիներու անդամներ Շաքէ եւ Վահէ Նահապետեաններուն, իսկ ձեռնարկին ընթացքին, ՔՈԱՖի աջակցութեան շնորհիւ հեղինակաւոր «Հարվըրտ» համալսարանի ուսանող դարձած 18ամեայ Մաքսիմ Երուանդեան վկայութիւն տուաւ։
Ձեռնակը վարեցին Լոս Անճելըսի FOX 11 կայանի Good Day LA յայտագիրի հաղորդավար Արաքսիա Կարապետեան եւ ՔՈԱՖի զարգացման հարցերու տնօրէն Հայկ Պոյաճեան:
Աւարտին, կազմակերպութեան հիմնադիր եւ ատենապետ Կարօ Արմէն շնորհակալութիւն յայտնեց ՔՈԱՖին նեցուկ կանգնողներուն, որոնք կարելի դարձուցին արդէն իսկ երրորդ տասնամեակը թեւակոխած բարեսիրական կազմակերպութեան գործունէութիւնը։