Երկուշաբթի, 16 Դեկտեմբերի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ընդունեց ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ադամներու Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի շնորհաւորական այցելութիւնը, գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Քրիստին Խանճեանի:
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, հիւրերը առաջնորդ սրբազան հօր փոխանցեցին իրենց բարեմաղթութիւնները եւ անդրադարձան ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան աշխատանքային առօրեային՝ իրենց ազգօգուտ բազմաշերտ ծրագիրներուն մասին տալով յաւելեալ բացատրութիւններ:
Գեղամ արքեպիսկոպոսը գնահատեց հայ մայրերու, քոյրերու ու կանանց այս աշխոյժ միութեան ժրաջան եւ ազգանուէր գործունէութիւնը եւ մարդասիրական յոյժ կարեւոր ծրագիրները ու այս առիթով իր հայրական օրհնութիւնները եւ գնահատանքը փոխանցեց ընդհանրապէս ՀՕՄի աշխարհատարած մասնաճիւղերուն եւ մասնաւորաբար Արեւմտեան Ամերիկայի նուիրեալ ՀՕՄուհիներուն ու Շրջանային վարչութեան իւրաքանչիւր անդամի, բոլորին մաղթելով անսպառ առողջութիւն եւ նոր յաջողութիւններ: