ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ

Դարերով փաստուած իրականութիւն է, եւ մենք իսկ համոզուած ենք, թէ մենք զանազան տուեալներով եւ որակաւորումներով կը տարբերինք մեր «վաղեմի» եւ նոյնիսկ «այժմէական» մեր նոր թշնամիներէն:
Իսկ, եթէ պէտք է հաստատել վերոյիշեալ արտայայտութիւնը, յիշեմ թէ մենք, մեր սերունդը, բոլորս հասակ առած ենք մեր դէմ կատարուած թշնամական տրամադրութիւններուն ու արարքներուն եւ անոնց հետեւանքներուն ազդեցութեան տակ, կրելով անհամար կորուստներ ու «պարտութիւն»ներ:
Քա՛ջ գիտենք, թէ մարդկային եւ կամ համազգային անախորժութիւններն ու ցաւերը կը փոխանցուին, միայն ու միայն մեզ անարժան ու աննախանձելի վիճակի հասցնել ուզող անհատներէ եւ կամ հաւաքականութիւններէ..․ սակայն այսօր, կասկածիլ թէ՞ հաւատալ, մեր իսկ սեփական պետութենէ՞ն…:
Ի դէպ, մեր մեծերը կ՛ըսէին. «Դուրսէն հասած չարիքը, նուազագոյն չարիքը կը դառնայ, եթէ ներսը հաստատուն եւ կայուն է, իսկ ներսէն ծլարձակող չարիքը՝ ամենաթունաւորն ու մահացուն է…»:
Որեւէ ազգ կամ հաւաքականութիւն կը տկարանայ ներքին խարխափումներով եւ կամ իր իսկ բաժան-բաժան ուժերէն հասած հարուածներով, ուր իւրաքանչիւրը իր թէզը պաշտպանելով կ՛անտեսէ ու կը հարուածէ «չորս ի դին», տկարացնելով իր ներքին ուժը եւ որպէս հետեւանք կը տկարանայ նաեւ պետութիւնն ու պետական համակարգը, ապա իր հերթին (ինչպիսին է այսօր) քաղաքական «բոպիկ»ութեամբ կ՛արժեզրկէ ինքն իր գոյութիւնը՝ եւ ապա իր յարգանքն ու կարգը իր իսկ հարազատ ժողովուրդի զաւակներուն միջեւ:
Սակայն, դարաւոր ժողովուրդի մը պատմական անցեալը անմոռաց կը մնայ ու պէտք է որ մնայ, երբ իր ազգային, մշակութային եւ քաղաքական արդար ու աւանդական արժէքները յարատեւ գործօն կարեւորութիւն փոխանցեն սերունդէ սերունդ:
Յատկապէս, հողային եւ տարածքային կայունութիւնն ու պահպանումը առաւել ուժ եւ ապահովութիւն կը ներշնչեն տուեալ ժողովուրդի մը հոգեբարոյական եւ ինքնահաստատման աւանդին եւ կարողութեանց վրայ:
Ուրեմն, ո՞վ պիտի ամրապնդէ յիշեալ անհրաժեշտ տուեալները:
Որպէս ազգ եւ երկիր, թէեւ դարերով դժբախտութիւնը ունեցած ենք մեր կորուստներով տառապելու, սակայն յարատեւ վերահաստատուած ենք հոգեպէս եւ բարոյապէս եւ նոր ինքնավստահութեամբ կրկին կառուցած եւ գոյատեւած ենք՝ մինչ օրս… սակայն նոր աշխարհի մոլորեցնող աշխարհաքաղաքականութիւնն ու «չարամիտ» դիւանագիտութիւնը երբե՛ք եւ երբե՛ք չհասկցանք․ թէեւ դժուար չէր, սակայն, հայրենասիրութեան եւ հայրենածաղկման յարատեւ ու բացարձակ նուիրումն ու կամքը չունեցանք (չունեցան յատկապէս մեր պետական այրերը), այլ ընդհակառակը անոնք մեր գոյութիւնն ու պահպանումը խաթարող երկիր-ղեկավարներու չար կամքն ու հրահանգը կատարեցին եւ անհատական «փառք»եր հիւսելով ( եւ որ տակաւ կը հիւսեն), մեր ազգային եւ հայրենական կորուստները բազմապատկուեցան եւ նորահաս մեր յոյսերն իսկ՝ մարեցան..:
Այսօր, ազգային մեր արժանապատուութեան կորուստին ցաւն իսկ դոյզն ապրելու փոխարէն, ոմանք, թշնամիին ախորժակը յագեցնող արտայայտութիւններով եւ արարքներով դաւաճանական ճամբան կը շարունակեն «ասֆալթապատել»․․.:
Պահ մը մտածենք, եթէ յանկարծ տարածուած ներկայ աշխարհաքաղաքական խաժամուժին մէջ, եթէ՞ կորսնցնենք մեզի մնացած «չնչին» ՀՈՂԱՏԱՐԱԾՔ երկիրն ու«փտած թելով կախուած» մեր ներկայ «անկախութի՞ւնը»…:
Հայե՛ր, ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԽԱՂը ճանչնալ պէտք է:
Տուեալ որեւէ ժամանակի խաղի լեզուն հասկնալ պէ՛տք է, երբ այսօր տարածուած աշխարհաքաղաքական «անբնական» անցուդարձին մէջ, միջ-պետական «երեսպաշտութիւն» գոյութիւն ունի, մեր պետական այրերն ու քաղաքական դէմքերը, «ՄԵԾ» զոհողութիւն պէտք է ընեն ու տարածեն, ի գին հայրենիքի ու ազգի փրկութեան, ազնիւ օրինակը ծառայելով ազգին մատղաշ զաւակներուն, որոնք այսօր շուարած ու «բերանաբաց» կը հետեւին հայրենիքի ու Սփիւռքի տարածքին՝ անհասկնալի, զիջողական ու կորուսեալ անց ու դարձին…:
Նորութիւն չէ, թէ մեծ սխալները՝ մեծ պատիժներ «կ՛ապահովեն» եւ կը տարածեն նոյնիսկ անմեղներու շարքերուն մէջ, որոնք այլոց մեղքերուն պատիժով կը տառապին…:
Իսկ այսօր, քաղաքական աշխարհի մէջ լաւագոյն խաղացողները՝ անհաւատալի կեղծիքներով իրենց անիրաւական «իրաւունք»ին կը տիրանան՝ յաջորդաբար եւ քայլ առ քայլ..:
Թէեւ ուշ է…
Բայց երբե՛ք ուշացած չենք համարուիր, եթէ ազգովին, խելամիտ հայրենասէրի մեր դերերով, միասնաբար նուիրուածութիւն եւ արդար աշխատանքի առաքեալները դառնանք… անմիջապէս: