ՄԱՐԳԱՐ ՉԱԼԸՔԵԱՆ

Հայոց պատմութիւնը միաժամանակ գաղթականութեան պատմութիւն մըն է։ Բնօրրանէն հեռանալը հեռաւոր անցեալին ունէր առեւտրական նպատակ, հետեւաբար կը ձգտէր բարգաւաճման։
Պատմական Հայաստանը կիզակէտ ունենալով, հայը աշխարհի չորս ծագերուն ուղիներ որոնեց միջազգային առեւտուրի շուկային վրայ իր տեղը ունենալու համար։ Այդ նպատակաւ, եթէ դէպի արեւելք հասաւ մինչեւ Սինկափուր, Եփրատի ու Տիգրիսի հոսանքն ի վար իջաւ Մերձաւոր Արեւելք։ Նաւահանգիստներէն առագաստ պարզեց դէպի Միջերկրական ծով, հասնելով մինչեւ Մենչեսթըր, Լիվրփուլ եւ այլ եւրոպական քաղաքներ։
Գաղթի դրդապատճառ մըն էր երկրէն ներս տիրող անկարգութիւնները, դաւանանքային կռիւները, պետական դաւադրութիւնները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր կարգին ստեղծեց գաղթի նոր հոսանքներ։ Ազգամիջեան կռիւները եւս զանգուածային գաղթերու պատճառ դարձան։ Մերթ ընդ մերթ, այդ գաղթերով գոյացան հայու ձեռքով կերտուած նոր քաղաքներ։ Արդարեւ ամբողջ Արեւելեան Եւրոպան հատելով Լեհաստան հասած գաղթի հոսանքի ետին կը տեսնենք պաւլիկեան շարժումին հետեւող ժողովուրդի դէմ գործադրուած հալածանքի հետքերը։
Անիի աւերումին պատճառ դարձող իւրաքանչիւր արշաւ իր հետ բերաւ գաղթի նոր հետեւանքներ։
Պատահականութիւն չէ Սենեքերիմ թագաւորի Տիվրիկ եւ Արաբկիր քաղաքներու հիմնադիր դառնալու օրինակը։ Նոյն ծիրէն ներս կը տեսնենք Համամ Ամատունի արքայի իր տոհմին հետ միասին Սեւ ծովեայ ափամերձ բարձունքներուն վերաբնակելով, Համշէն աշխարհի հիմքը դնելը։
Զանգուածային գաղթի մեծագոյն օրինակը ապրեցանք 1915 թուին, երբ պատմական Հայաստանը բոլորովին հայաթափ եղաւ եւ հայրենազուրկ ժողովուրդը ցրուեցաւ աշխարհի չորս ծագերուն։
Այս անգամ պատմագրութիւնը մեր առջեւ կը բանայ Եւրոպայի հիւսիսային հատուածի մէջ հայկական գաղութի մը յայտնութեան եւ ապա անոր անհետացման հետաքրքրական վաւերագրութիւնը։
«Առեւտուր Եւ Բարգաւաճում (Ամսթէրտամ)» խորագրեալ գրքին մէջ Խաչիկ Կիւրեղեան Պալըքճեանի խմբագրութիւնով կը ծանօթանանք 1627էն մինչեւ 1874 երկարող պատմական շերտին մը մէջ հայու հետքերուն։
Այս բոլորը գրանցուած են Ամսթերտամ քաղաքի պաշտօնական արխիւներուն մէջ, ձեռամբ քաղաքի փոխարխիւապետ Նիքոլաաս Տէ Ռէօվերի։
Հետազօտական բնոյթով գրուած այս յօդուածին թարգմանութիւնով է, որ Կիւրեղեան Պալըքճեան մերօրեայ ընթերցողին կը մատուցէ այս քաղաքի առաջին հայ վաճառականներու յայտնութիւնը, անոնց հարստացման դրուագները, կառուցած եկեղեցիները եւ ապա սնանկացումը ու բոլոր կուտակուածին անհետացումը։
96 էջերէ բաղկացող գրքոյկը ունի երկու մասեր․ երկրորդ մասը կը կրէ «Յաւելուած» խորագիրը եւ կը մանրամասնէ ժառանգի մը շուրջ գոյացած պահանջատիրութեան օրինական զարգացումները։
Այստեղ գիրքի խմբագիրը կը վերծանէ երկու ձեռագիր նամակներ, որոնք ուղղուած են Էջմիածնի Մայրավանք, օրուան կաթողիկոս Գէորգ արքեպիսկոպոսին, գրուած պոլսահայ Մասեհեան եղբայրներու կողմէ։
Անոնք կը նշեն Ամսթերտամի Հայոց եկեղեցւոյ խնամատարի հետ իրենց արենակցական կապը եւ բաժին կը պահանջեն եկեղեցւոյ արդէն իսկ վաճառուած տարածքէն։
Խիստ հետաքրքրական ուսումնասիրութիւն մըն է Խաչիկ Կիւրեղեան Պալըքճեանի կատարածը, որ բացի անցեալի մութ էջերը լուսաբանելէ, իմաստալից մատնանշումներ ունի այսօրուան մասին եւս։
«ԱԿՕՍ»